Լիբանանի Նախագահն Այցելած Է Վիրաւոր Հայ Զինուորին

Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը այցելած է լիբանանեան բանակի զինծառայող Սեպուհ Կիրակոսեանին, որ ծանր վիրաւորումէ ետք վիրահատուած է եւ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
Նախագահը ծանօթացած է բուժման ընթացքին եւ ապաքինում մաղթած հայ զինծառայողին:
Յիշեցնենք, որ Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանին` «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուած մարտերու ժամանակ, կը գրէ yerkirmedia.am-ը: