Ղազախստանի Մայրաքաղաքին ՄԷջ Կը Կայանայ Հայաստանի Ազգային Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ
ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանա, ուր օգոստոս 16-ին Ղազախական մշակոյթի գործիչներու, զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ «Աստանա expo-2017» միջազգային մասնագիտացուած ցուցահանդէսի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ Հայաստանի ազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ:
Ծրագիրին մէջ ներառուած են շարք մը շնորհանդէսներ: Հայաստանէն մեկնած զբօսաշրջութեան ոլորտի մասնագէտները պիտի ներկայացնեն Հայաստանը որպէս զբօսաշրջային ուղղութիւն:
Պիտի ներկայացուին նաեւ ինչպէս շրջագայութեան ծրագիրներ, զբօսաշրջութիւն եւ հանգստեան օրերը Երեւանի մէջ, այնպէս ալ 2017 թուականի ձեռնարկներու օրացոյցը, մասնակիցներուն կը տրամադրուին տեղեկատուական բնոյթի նիւթեր, ինչպէս նաեւ «Պատրաստուած է Հայաստանում» նուէրներ:
Ազգային օրուան ծիրէն ներս կը կայանայ Հայաստանի եւ հայկական զբօսաշրջային արդիւնքի մասին ֆիլմի շնորհանդէս: Ելոյթ կ’ունենայ «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբը: