Հարցազրոյց Լոնտոնի հայկական հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Ստեփան-Սարգիսեանի հետ
Լոնտոնի Armenian Institute-ը հիմնուած է 2001 Յունիսին. նպատակ ունէր ծաւալել այնպիսի մշակութային գործունէութիւն, որ մատչելի ըլլայ անգլիախօս հայ հանրութեան։ Նախաձեռնողը եղած է 5 հոգինոց խումբ մը, որուն մէջ կան Սիւզան Փաթին, Սերա Քէլեանը,Պետօ Եղիայեանը… Այս խումբին միացած է Գագիկ Ստեփան-Սարգիսեան, որ ներկայիս գործադիր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ։
Հիմնարկը զանազան հրատարակութիւններ արտադրած է, ցուցահանդէսներ կազմակերպած, ուր հայկականութիւնը կ՚առընչուի գեղարուեստի, ստեղծագործութեան, Սփիւռքի բազմազանութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան որոնումին՝ աւանդական եւ արդիական մատուցման սահմաններուն։
– Armenian Institute-ը դիտաւորեա՞լ կերպով ընտրած է անգլերէնը իբր հաղորդակցութեան լեզու։
– Այո՛, որովհետեւ գիտէինք, որ անգլիախօս Հայերու խաւ մը կայ որ հեռու կը մնայ հայկական իրականութենէն՝ հայերէն չհասկնալու պատճառով։ Այդ լուռ մեծամասնութեան համար էր անգլերէնի ընտրութիւնը, որոնցմէ շատեր «միացան» մեզի, դարձան հովանաւորներ, նուիրատուներ, բարեկամներ եւ որոնցմէ շատեր այսօր կը մասնակցին մեր ձեռնարկներուն։
– Ինչպիսի՞ ձեռնարկներ կը կազմակերպէք։
– Մեծ մասամբ մշակութային կամ երաժշտական ձեռնարկներ՝ նոր լոյս տեսած գիրքերու շնորհահանդէսներ, մանուկներու տիկնիկային թատրոն, հայկական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ (անգլերէն ենթագրերով), կազմակերպած ենք նաեւ միջազգային գիտաժողովներ՝ փոքրամասնութիւններու ինքնութեան հարցին շուրջ, ցուցահանդէսներ, օրինակ՝ Իրանահայ ժամանակակից արուեստի վերաբերեալ, որու համար Թեհրանէն հրաւիրեցինք մտաւորականներ (բանաստեղծ, նկարիչ, երաժիշտ, ֆիլմարուեստի մասնագէտներ)։ Այս ցուցահանդէսը գտաւ մեծ յաջողութիւն եւ ունեցաւ տասը հազարէ աւելի այցելուներ, որոնց մեծ մասը ոչ-Հայեր էին։ Չմոռնամ ըսելու, որ նշեալ ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի կեդրոնը, համալսարանական թաղամասը. ցուցահանդէսին զուգահեռ ունեցանք համերգներ, դասախօսութիւններ, Փարիզէն հրաւիրեցինք Ռուբէն Տէր Յարութիւնեանը եւ «Կոչնակ» խումբը։
2010ին կազմակերպեցինք Հայկական բացիկներու ցուցահանդէս երկու սրահներու մէջ. մեծ ցուցասրահը յատկացուցինք փոստային բացիկներու ցուցադրութեան, իսկ երկրորդ սրահին համար դիմեցինք հոս բնակող արեւմտահայերու սերունդներուն՝ եթէ ունին տնային առտնին առարկաներ։ Եւ ներկայացուցինք իւրաքանչիւր առարկայի պատմութիւնը՝ ուրկէ՞ սկիզբ առած է, ի՞նչ պատմութիւն ունեցած է եւ ինչպէ՞ս հիմա Լոնտոն հանգրուանած է։ Այդ առիթով 2012ին հրատարակեցինք գրքոյկ մը, ուր տեղ գտած է իւրաքանչիւր առարկայի պատմութիւնը, հոն անդրադարձ կայ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան Հայերու բերած նպաստին։
Ընթացիկ տարուան Յունուարի վերջերուն եւ Փետրուարի սկիզբը կազմակերպեցինք նաեւ այլ ցուցահանդէս մը, ուր ի մի բերինք քառասունէ աւելի Հայեր կամ ծագումով Հայեր, որոնք իրենց արուեստին մէջ կը ներգրաւեն հայկական երեսակը։ Մենք պայման դրած էինք որ ո՛չ ոք պիտի ներկայանայ անհատապէս, այլ համագործակցաբար այլ արուեստագէտներու հետ, որու որպէս հետեւանք ի յայտ եկան նոր արուեստի գործեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցան ցուցահանդէսին։ Այս ցուցահանդէսն ալ մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ երեք օրերու ընթացքին ունեցանք շուրջ 500 այցելուներ: Այս մէկուն համար ալ հրատարակեցինք գրքոյկ մը։ Երկրորդ պայմանն ալ ան էր, որ զանազան թեմաներու շուրջ բոլոր ներկայացումները քսան վայրկեանէ աւելի պիտի չտեւէին՝ թատրոն, բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն, եւայլն։
– Ձեր պիւտճէն ինչպէ՞ս կը հայթայթէք։
– Մենք դրամաշնորհի խնդրանքով կը դիմենք անգլիական այն մեծ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը նպաստեն արուեստի բնագաւառին։ Ունեցած ենք նաեւ հայկական դրամաշնորհներ՝ Սուրբ Սարգիս Բարեսիրական աւանդէն (trust), ինչպէս նաեւ «Պէնլեան» աւանդէն։ Իսկ հրատարակութիւններու համար ժամանակին օժանդակած է Կիւլպէնկեան հիմնարկը։ Օգնութիւն ստացած ենք նաեւ Բարեգործական կազմակերպութենէն։ Դրամաշնորհները 10, 20, 30 հազար փաունտի շուրջ կը դառնան։ Տոմսակներու վաճառքէն ալ գումարներ կ՚ապահովենք։ Ըսեմ, որ մենք կը վճարենք մեր արուեստագէտներու գործերը։
– Այսօր վարչութիւնը քանի՞ հոգիէ բաղկացած է։
– Սիւզան Փաթիի Ամերիկա մեկնումէն ի վեր առանձին կ՚աշխատիմ։ Ունինք հինգ հոգիէ կազմուած Հոգաբարձութիւն մը, ինչպէս նաեւ գործադիր վարչութիւն մը, ուր կ՚աշխատին կամաւորներ։ Ես այլեւս չեմ կրնար հոգաբարձութեան անդամ ըլլալ, քանի որ իմ աշխատանքին համար կը վճարուիմ։ Ինծի կ՚օգնէ Սեդա Ուայթը եւ հարկ եղած պարագային հոգաբարձութեան անդամներն ալ ձեռք կու տան։
Ըսեմ, որ Հայ Հիմնարկի հիմնադրութենէն ի վեր իմ քովնտի աշխատանքներուն մեծ մասը հայկական երանգ ունին. օրինակ տարիներ առաջ Արտաքին գործոց նախարարութենէն դիմեցին ինծի, որպէսզի դասացանկ մը պատրաստեմ այն դիւանագէտներուն համար, որոնք Հայաստան կը գործուղուին եւ կ՚ուզեն ծանօթանալ հայերէն լեզուին։ Ես պատրաստեցի դասընթացքներու ցանկ մը տարբեր մակարդակներով։ Հայերէն սորվեցուցի առաջին դիւանագէտին եւ ինը ամիս ետք նոյն անձնաւորութիւնը իբրեւ դեսպան ղրկուեցաւ Հայաստան։ Անկէ վերջ բոլոր դեսպաններուն ես հայերէն սորվեցուցած եմ։
Ես անձնապէս արեւելահայերէն կը խօսիմ եւ դասական ուղղագրութիւնը որդեգրած եմ, սակայն հարկադրուած՝ դիւանագէտներուն կը սորվեցնեմ նոր ուղղագրութիւնը։
Մեր հիմնարկը ունի նաեւ հայերէնի դասընթացքներ, ուր օտարախօսներու համար իմ պատրաստած հայերէնի ուսուցման ձեռնարկը կը կիրարկուի եւ չորս եռամսեայի (իւրաքանչիւր եռամսեայ 15 ժամ) ընթացքին աշակերտները կրնան սահուն հայերէն խօսիլ՝ այսինքն վաթսուն ժամ ուսանելով։ Ունիմ տասը կէտերէ կազմուած «ոսկէ» կանոններու շարք մը, օրինակ՝ որոշեալ յօդի օգտագործումը, շարահիւսութիւնը, օժանդակ բայի կարեւորութիւնը, հայերէնի մէջ ըղձական եղանակի օգտագործումը (անգլերէնի մէջ գոյութիւն չունի ըղձական եղանակ), եւայլն։ Աշակերտներուս միշտ կ՚ըսեմ, թէ նշեալ կանոնները սորվելէ ետք կը մնայ միայն զարգացնել բառապաշարը։ Իսկ հայերէն այբուբենի ուսուցումը կը սկսիմ այն տառերով, որոնց նմանը կայ լատինական գիրերու մէջ։ Գրքոյկներ պատրաստած եմ՝ ընթերցանութեան, բառապաշարի, վարժութիւններու, արտասանութեան, եւայլն. ունիմ նաեւ ձայնագրութիւններ, զորս կ՚օգտագործեմ դասաւանդութեան ժամանակ։
Կապ՝
www.armenianinstitute.org.uk
info@armenianinstitute.org.uk
Հասցէ՝
The Armenian Institute
7 Hollingbourne Road, LONDON SE24 9NB
«Նոր Յառաջ»