«Պոլիս Եւ Անդին». Լեւոն Լաճիկեանի Գծանկարչական Աշխատանքներու Անհատական Ցուցահանդէսը Նիւ Եորքի ՄԷջ

«Պոլիս եւ անդին». այսպէս կը կոչուէր վերջերս Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը, որ 15-րդն է անոր ստեղծագործական կենսագրութեան մէջ: Յայտնի գեղագէտ-գծանկարիչն իր ուշադրութիւնը վերջին տարիներուն կեդրոնացուցած է Պոսֆորի ափին փռուած այդ պատմական քաղաքի անցեալի ու ներկայի վրայ: Վկայութիւնը դէպի Կ.Պոլիս-Սթամպուլ կատարած անոր 3 այցելութիւններն են, որոնց նպատակը ոչ միայն «Պոլսոյ թաղերուն մէջ» պտոյտ գործել եղած է, այլ նաեւ անոր անանց հմայքը մեզ փոխանցելը:
«Պոլիսը նախ գրաւիչ է իր բնական գեղեցկութեամբ` Պոսֆորի նեղուց, Իշխանաց կղզիներ եւ այլն,«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը պատմէ Լեւոն Լաճիկեան, ապա կ’աւելցնէ,- Այն կը գրաւէ նաեւ իր բազմամշակոյթ միջավայրով ու տարբեր քաղաքակրթութիւններու` ներառեալ հայկական, գոյութեամբ»: Իրօք, Լեւոնի պատկերաշարին մէջ մեր առջեւ մեծապէս հայ Պոլիսն է կամ, ինչպէս տեղացի հայերը կ’ըսեն` «մերին Պոլիսը»:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ պոլսահայութիւնը 100 եւ աւելի տարիներ ապրած ու կ’ապրի 1915-ի դառն յիշողութեամբ եւ ատոր յաջորդած քաղաքական ու տնտեսական ահաբեկումներով,- կը շարունակէ մեր զրուցակիցը,- Ու չնայած այդ ամէնուն, Պոլսոյ մէջ այսօր կը շարունակէ ապրիլ աշխոյժ հայ համայնք մը, որուն կենսունակութեան ցուցիչներէն լաւագոյնը թերեւս այնտեղ հրատարակուող հայ մամուլն է` «Ժամանակ», «Մարմարա», «Ակօս», «Լոյս» թերթեր եւ «Փարոս» մշակութային ամսագիր»:

Վերջինս էր, որ 2015թ. հէնց Պոլսոյ մէջ` հայաշունչ Գնալը կղզիին մէջ, կազմակերպեց հայրենի արուեստագէտի «Պոլիսը` մօտ ու հեռու» ցուցահանդէսը, այդ մասին մասնաւորապէս գրելով. «Լեւոն Լաճիկեանի Պոլիսը այլ գեղեցկութիւն ունի»: Մէջբերենք նաեւ «Ակօս»-ի հայկական ներդիրի պատասխանատու Բագրատ Էստուկեանի կարծիքը. «Լեւոն Լաճիկեանի գործերը դիտելով` նկատած ենք, որ ան մեր օրերը ապրելով` իրաւամբ կը կարենայ թափանցել նաեւ անցեալ: Պատմական հին կառոյցներուն նայելով` ան կրնայ տեսնել վերջիններուս մէկ, անգամ  քանի մը դարերու պատմութիւն ունեցող անցեալը, որ եւ կ’արտացոլէ իր աշխատանքներուն մէջ»:

Այս անգամ արուեստագէտը Նիւ Եորք  մեկնած էր տեղի պոլսահայ շրջանակներու հրաւէրով: Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «Թուֆայեան» սրահին մէջ բացուած ցուցահանդէսը ուղեկցուած է հետաքրքիր դասախօսութեամբ` «Պոլսոյ դերը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ» թեմայով: Բանախօսը ներկայացուցած է յայտնի-անյայտ փաստեր ոչ միայն Պոլսոյ անցեալէն, այլեւ ներկայէն` մասնաւորապէս նշելով, որ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք  հայ սփիւռքի մէջ նկատելի է Պոլսոյ գրամշակութային յառաջատար դերի վերադարձն ու վերահաստատումը:

Ըստ բանախօսին, ինք մեծ տեղ  յատկացուցած է պոլսահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ գլխաւորը հայախօսութեան մակարդակի շեշտակի անկումն է: Հարցը այն է, որ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այսօր տեղի երիտասարդ հայ սերունդի միայն 9%-ը կը խօսի մայրենի լեզուով: Աւելին` բանախօսին տուեալներով տարիէ տարի կը պակսի ոչ միայն Պոլսոյ վարժարաններ յաճախողներու, այլեւ ուսուցիչներու թիւը: Այս առումով ան ունկնդիրներուն մանրամասն ներկայացուցած է Թրքահայ ուսուցչաց միութեան 50-ամեայ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Ներկաներու հարցումներն ու քննարկումները շարունակուած են 40-է աւելի գծանկարներու առջեւ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը` 1300 ԱՄՆ տոլար, փոխանցուած է Գիւմրիի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Օգտուելով առիթէն` Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտը նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալը փոխանցած է Պոլսահայ օգնութեան միութեան (CARS) պատասխանատուներուն:

Լեւոն Լաճիկեանի ամերիկեան այցի վերջին կանգառը եղած է Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, ուր տեղի  ունեցած է անոր գծանկարներու շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ժամանակ հեղինակը  տեղի հայ համայնքին  նուիրած է եկեղեցին պատկերող նկար մը, որմով  մեկնարկած է Սրբոց Նահատակացի հիմնադրման 60-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շարքը:

Scroll Up