Սինկափուրի 182-ամեայ Հայկական Եկեղեցին Այցելութեան Արժանի Գեղեցիկ Վայր Է. Mothership

1835 թուականին կառուցուած հայկական եկեղեցին Սինկափուրի ամենահին քրիստոնէական եկեղեցին է: Այս եկեղեցին Սինկափուրի մէջ 19-րդ դարուն հայկական համայնքի ազդեցութեան վկայութիւնն է: Երբ Սինկափուրը 1819 թուականին դարձաւ առեւտրային նաւահանգիստ, հայերն առաջին գնորդներն ու առեւտրականներն էին, news.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ mothership.sg-ն:
Թէեւ հայերը փոքրաթիւ էին Սինկափուրի մէջ, անոնք սկսած են այստեղ կրօնական արարողութիւններ իրականացնել 1820-ական թուականներէն:
Սկիզբը այդ արարողութիւնները իրականացուած են Քոմերսիոն հրապարակի (այսօր այն Raffles Place-ն է) ինքնաշէն մատուռին մէջ, սակայն յետոյ դիմած են բրիտանական իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց հող յատկացնեն Fort Canning Hill-ին մէջ` եկեղեցւոյ կառուցման համար:
Պարբերականը կը նշէ, որ աւելի քան 100 տարի անց հայկական եկեղեցին կանգնած է որպէս ազգային յուշարձան:
Եկեղեցին նախագծած է Գ.Դ. Քոլման, որ նաեւ այլ յայտնի շէնքերու նախագծողն է, ինչպիսիք են Արուեստներու տունն ու Սուրբ Էնտրիւի տաճարը:
Հայկական եկեղեցւոյ ձեւաւորման մէջ ներառած է հայկական աւանդական ճարտարապետութեան որոշ առանձնայատկութիւններ: Վերէն նայուելուն կառոյցը խաչ կը յիշեցնէ:
Բացի այդ, Քոլման հասկցած է, որ շէնքի ճարտարապետական ձեւաւորումը պէտք է յարմարեցնել Սինկափուրի արեւադարձային եղանակին, մասնաւորապէս, շէնքն ունի բաւականաչափ դռներ ու պատուհաններ` ներսը օդափոխելու համար:
Բացի կառուցողականութենէն, եկեղեցւոյ ներքնամասը կը տարբերի նաեւ իր շրջանաձեւ կառուցուածքով: Սա միակ եկեղեցին է Սինկափուրի մէջ, որն ունի շրջանաձեւ ներքնամաս:
Շէնքի միւս կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ այն ունի յուշայգի, ուր ամփոփուած են Սինկափուրի նշանաւոր հայերը: Շատ յայտնի հայեր վերաթաղուած են այս այգիին մէջ: Ատոնց շարքին են Ագնէս Խոակիմը եւ Խաչիկ Մովսէսը: Առաջինը յայտնի է Սինկափուրի ազգային ծաղիկի` այլաբոյս օրքիտէայի ստեղծմամբ, իսկ Խաչիկ Մովսէսը Straits Times-ի համահիմնադիրը եղած է:
Սինկափուրի հայկական եկեղեցին 1973 թուականին բծախնդրօրէն վերանորոգուած է: