Տարեվերջեան Ձեռնարկներ` «Դաւթեան Եւ Մարիամեան» Կրթական Հաստատութիւններուն Մէջ

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, մայիս 18-էն յունիս 9 Կլենտէլի «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան ամերիկեան 24 քաղաքներուն մէջ գործող մասնաճիւղերուն մէջ տեղի կ’ունենան տարեվերջեան հանդէսներ, որոնց ներկայ կը  գտնուին կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան, տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան, ծնողներ, համայնքային ներկայացուցիչներ, պետական դպրոցներու տնօրէններ,  Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր այրեր եւ այլ հիւրեր: Աշակերտները հայրենասիրական երգեր երգելէն եւ ասմունքելէն, բեմականացումէն ետք, բոլոր ձեռնարկներուն կը կատարեն Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի պետական օրհներգները, ինչպէս նաեւ աւարտին «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը կը հնչեցնեն:

Վահիկ Ծատուրեանն ու Օֆելեայ Ծատուրեանը իրենց ողջոյնի խօսքը կը յղեն ներկայ բոլոր հիւրերուն, իսկ աշակերտներուն կը յորդորորեն առաւել ոգեւորուած սորվիլ Մայրենին, պահել սերտ կապը Հայաստանի հետ եւ չկտրուիլ սեփական արմատներէն:

Մայիս 21-ին մեծ շուքով կայացած է կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներու աւարտական տօնահանդէսը: Այս անգամ նոյնպէս ձեռնարկին մասնակցած են կրթական հաստատութեան նախագահն ու տնօրէնը, պետական դպրոցի տնօրէններ, հոգեւոր ներկայացուցիչ, ծնողներ եւ ուրիշներ:

Աւելցնենք, որ հայապահպանութեան այս դարբնոցը  հիմնադրուած է 1987 թուականին` Իրանի Քուշեշ «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան խումբ մը շրջանաւարտներու կողմէ: Անոնք որոշած են Սփիւռքի մէջ գտնուող երեխաներուն  հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար հայոց լեզուի դասընթացներ կազմակերպել` նպաստելով ազգապահպանութեան:

Այժմ ԱՄՆ-ի եօթ  տարբեր քաղաքներու մէջ «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան 24 մասնաճիւղ կը գործէ, որոնցմէ ամենախոշորը Կլենտէլի մէջ է:

24

79 10 11

35

612

Scroll Up