Ընթերցման Տօնը Հրանդ Տինք Վարժարանին ՄԷջ

 «Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ` յունիս 5-ին Պոլսոյ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանէն ներս առաջին դասարանցիները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան  Ընթերցման տօնին`դասվար Ժաննա Մելքոնեանի նախաձեռնութեամբ: Դպրոցականները մեծ հպարտութեամբ բարբառեցին ու դրուատեցին Մեսրոպաշունչ այբուբենը: Անսահման էր ծնողներու ուրախութիւնը,երբ լսեցին իրենց զաւակներու հայաբառ ելոյթը: Չէ՞ որ իրենց զաւակներուն մէջ արդէն կ’ապրի հրաշալիքներէն մէկը` հայոց սուրբ այբուբենը, որն իրենց ինքնութեան ամենամեծ դրոշմն է: Տօնին աւարտին դպրոցի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանն ու հոգաբարձու Արտօ Հորոզօղլուն  սաներուն յանձնեցին  գիրքեր եւ յուշանուէրներ:

23

4

 

Scroll Up