Աւարտեց ՀՀ Եւ Արցախի Հանրակրթական Դպրոցներու 4-7-րդ Դասարաններու Աշակերտներու Միջեւ Իրականացուող «Մարզական Մրցոյթը»

Մայիս 16-ին, «Խուլերու հայկական մարզական կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութեան մարզադահլիճին մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու, Երեւան քաղաքի եւ Արցախի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու 4-7-րդ դասարաններու աշակերտներու միջեւ իրականացուող «Սպորտլանդիա» մարզական ձեռնարկին եզրափակիչ փուլը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն:
Ուժերը չափած են Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերը, Երեւան քաղաքը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող խումբերը:
Մարզական մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է ՀՀ Կոտայքի մարզի Եղուարդ քաղաքի № 3 հիմնական դպրոցի խումբը: Երկրորդ տեղը գրաւած է ՀՀ Արարատի մարզի Վանաշէն գիւղի միջնակարգ դպրոցի խումբը, իսկ երրորդ տեղը` ՀՀ Լոռիի մարզի Գուգարքի հիմնական դպրոցի խումբը:
Մրցումին մասնակցած դպրոցներուն յանձնուած է մարզագոյք, իսկ բոլոր խումբերու անդամներուն` խրախուսական նուէրներ:
Առաջին տեղը գրաւած խումբը արժանացած է յաղթողի գաւաթի եւ 450.000 ՀՀ դրամ պարգեւավճարի: Երկրորդ տեղը գրաւած խումբը պարգեւատրուած է 350.000 ՀՀ դրամով, իսկ երրորդ տեղը գրաւած խումբը` 250.000 ՀՀ դրամով:
Նշենք, որ դրամական պարգեւները դպրոցներուն կողմէ պէտք է օգտագործուին բացառապէս մարզագոյք ձեռք բերելու նպատակով: