Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանն ու Տիկինը Այցելեցին «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն ու տիկինը` Սամուէլ եւ  Էլիզապեթ Մկրտչեաններ` ընկերակցութեամբ  Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին: Անոնց ընդունելութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ: Դեսպան Մկրտչեան, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնուհիին, շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց տարած գործունէութեան ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ: Ապա հրաւիրեալներուն միացան պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ԼՕԽ-ի մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան:

Այդ առիթով «Թնճուկեան» սրահին մէջ արտասանուեցան բարի գալուստի, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին գնահատական եւ զօրակցական խօսքեր: Շրջանային վարչութիւնը դեսպանին կնոջ նուիրեց Վանի ձեռագործ մը` իբրեւ յիշատակ: Ապա դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ԼՕԽ-ի ոսկեմատեանին մէջ` հետեւեալ ձեւով. «Աշխատանքի այդ ծաւալը եւ ընդգրկումը իրօք ամենաբարձր գնահատանքի դրուատանքի է արժանի»:

Հրաւիրեալներն ու Շրջանային վարչութիւնը միասնաբար ճաշակեցին «Վ. Տեկիրմենճեան»  խոհանոցի յանձնախումբին պատրաստած համադամ ճաշերը:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up