Պաղտատի Մէջ Կայացած Է Պազար Նուիրուած՝ Գարնան Եւ Ս. Զատկուան. լուսանկարներ

Կազմակերպութեամբ՝ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան վարչութեան, ուրբաթ, Մարտ 17-ին, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած է «Պազար» նուիրուած գարնան եւ Ս. Զատկուան, պազարին մասնակցած են իրաքահայ կանայք ներկայացնելով հայկական եւ իրաքեան բազմազան ձեռային աշխատանքներ եւ արտադրանքներ: ԻՀՏՄՄ վարչութիւնը պազարին մասնակցած էր իրաքեան՝ տեղական  սեղանի սփռոցներով, եւ Հայաստանէն տարուած հայերէն գրութիւններով վերնաշապիկներով, հայկական ոճով կտորներէ պատրաստուած հացամաններով եւ կանանց դրամապանակներով: Պազարի սեղաններուն տեղադրուած էր կանանց զարդեղէն եւ Ս. Զատկուան յարմար  ձեւաւորման զարդեր:

Ուտեստեղէնի սեղաններուն տեղադրուած  էին խմորեղէններ եւ կարկանդակներ:

Հայերն այսօր-ին Նուշիկ Մելքոնեան ԻՀՏՄՄ վարչութենէն կը տեղեկացնէ, որ տիկնանցի վարչութիւնը ձեռնարկը կազմակերպած է առանց որեւէ  նիւթական ակնկալիքի, այլ պարզապէս ժողովուրդը ներգրաւելու եւ կապեր հաստատելու իրենց հետ:

0100

126

7132

Scroll Up