Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Քաղաքացիները Հայաստան Պիտի Այցելեն Առանց Վիզայի

ՀՀ կառավարութիւնը այսօրուան նիստին հաւանութիւն տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) քաղաքացիներուն Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի վիզայի պահանջէն ազատելու մասին որոշման նախագիծին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի փոխանցմամբˋ որոշման նախագիծը նպատակ ունի խթանելու զբօսաշրջութիւնը:
Հայաստանի եւ Էմիրութիւններու միջեւ վիզայի ազատականացման շուրջ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր Հայաստանի նախագահի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցի ընթացքին: