Հայաստանի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Միջեւ Կը Վերացուի Մուտքի Արտօնագիրը

Կառավարութիւնը Յունուար 19-ի նիստին հաւանութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրի պահանջի վերացման մասին» համաձայնագիրի կնքման նախագիծին:

Նշուած է, որ «ՀՀ կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրի պահանջքի վերացման մասին համաձայնագիրի կնքման առաջարկութեան համաձայնութիւն տալու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծը կը համապատասխանէ ՀՀ օրէնսդրութեան:

ՀՀ Կառավարութիւնը Յունուար 12-ին հաւանութիւն տուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն ստեղծելու մասին նախագահի հրամանագիրի նախագիծին: Նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ ՀՀ եւ Ծոցի տարածաշրջանի երկիրներու յարաբերութիւններն ու բազմաճիւղ գործակցութիւնը տարիէ տարի նոր յառաջընթաց կ՛արձանագրեն:

Կը նշուի, որ մինչեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը այդ երկիրներուն հետ որոշ առեւտրատնտեսական կապեր սկսած էին զարգանալ` մասնաւորապէս ԱՄԷ Տուպայ քաղաքի միջոցով:

Scroll Up