ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելած Է Պրիւքսէլի Սուրբ Մարիամ Մագթաղինացի Հայկական Եկեղեցի
Նոյեմբեր 29-ին Պրիւքսէլ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` Պելճիգայի թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Պրիւքսէլի Հայ Առաքելական Սուրբ Մարիամ Մագթաղինացի եկեղեցի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին տեղեկացուց Պելճիգայի հայոց հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան:
Հայր սուրբը, ողջունելով Սփիւռքի նախարարը եկեղեցւոյ կամարներու ներքոյ, Տէրունական աղօթքը հնչեցուցած է , որմէ ետք եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցած է մտերմիկ զրոյց-հանդիպում :
Հանդիպման ներկայ եղած են եկեղեցւոյ հոգեւոր այրերը, դպրաց եւ սարկաւագաց դասը, երգչախումբի անդամները, եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Պօղոսեանը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպումը կազմակերպելու համար, ապա հանգամանալից ներկայացուցած նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան հզօրացման: Նախարարը կոչ ըրած է երկուստեք աշխատելով` հասնիլ ազգային տարբեր խնդիրներու լուծման, դիմագրաւել առկայ մարտահրաւէրներուն եւ նպաստել Հայաստանի բարգաւաճման:
Նախարարը այնուհետեւ անդրադարձած է Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ արդարացի լուծման համար անհրաժեշտ քայլեր կատարելուն, որոնք պէտք է կեանքի կոչուին սփիւռքեան կառոյցներուն հետ համագործակցելով:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խօսքին մէջ կարեւոր համարած է նաեւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն` սուրիահայերուն եւ իրաքահայերուն օգնելուն, Սփիւռքի մէջ Մայրենիի պահպանման անհրաժեշտութեան, համազգային խնդիրներու շուրջ հայերու համախմբման եւ Սփիւռքի ներուժի օգտագործման հարցերը: