Հայկական Խաչքարի Օծում Յորդանանի ՄԷջ

Կիրակի, Նոյեմբեր 20-ին Ամմանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն:

Այն իրականացուցին  Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Յորդանանի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Աւետիս վարդապետ Իբրաջեան եւ Աւետիք վարդապետ Յովհաննիսեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ամմանէն Այգ Պետրոսեան-Յակոբեանը:

Հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթ ունեցաւ Յորդանանի մէջ` Պրազիլի դեսպանատան մշակոյթի գիծով փոխ-հիւպատոս պրն. Յովսէփ Սէֆէրեան:

«Ամէն հայ պիտի ձգտի իր ասպարէզին մէջ լաւագոյնը ըլլալու, եւ մեր ողջ կարողութիւնը՝ ռազմական, նիւթական, գիտական եւ մարդկային, հաղորդակցական, պիտի գումարուին եւ ի սպաս պիտի դրուին մեր Պետութեան հզօրացման ի խնդիր, իսկ մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը պիտի նպաստէ այս գործընթացին: Եւ այսպէս, մէկուն զէնքը, միւսին փողը, երրորդին գիտութիւնը, չորրորդին կապերը եւ, պահանջեալ հարկին, բոլորիս արիւնը, Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է դրօշի ներքոյ պիտի կերտէ Հայկական Հզօրանք, որ զղջում պիտի պարտադրէ թուրքին եւ արդարութեան դռները լայն պիտի բանայ մեր առջեւ:

Այս գործընթացին սկիզբը սէրն էԱմէն հայ պարտի սիրել ամէն հայու և յարգել անոր, նախանձն ու բամբասանքը մեզ չի միաւորեր այլ բաժան բաժան կ՛ընէ եւ կը տկարացնէ մեզ»- ըսաւ ան:

Պրն. Յովսէփ Սէֆէրեանի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ   S.O.S. Chretiens d’Orient կազմակերութեան աջակցութեամբ արարողութեան աւարտին հոգեճաշ մատուցուեցաւ բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն:

Նշենք,, որ Յորդանանի հայ համայնքը կը պատկանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Կան երեք եկեղեցիներ` Ս. Թադէոս առաքելական եկեղեցի, Ս. Կարապետ առաքելական եկեղեցիՍ. Սահակ եւ Մեսրոպ կաթոլիկ եկեղեցիԿը գործեն ԿիւլպէնկեանԵուզպեշեան, ինչպէս նաեւ ՍահակՄեսրոպ վարժարանները, որոնք ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ ԱՄՄի հետ միասին մեծ դերակատարութիւն ունին Յորդանանի մէջ հայապահպանման գործընթացին:

Scroll Up