Սփիւռքի Փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան Մասնակցեցաւ «Հմտութիւններ Եւ Գիտելիքներ Յանուն Երիտասարդներու Հզօրացման» Ծրագիրի Մեկնարկային Հանդիպման
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/180.jpg)
Նոյեմբեր 22-ին ինքնազարգացման ու ժամանցի բազմաֆունկցիոնալ «Լոֆթ» կեդրոնին մէջ ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան եւ նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան մասնակցեցան ԱՄՆ պետական բաժանմունքի ֆինանսաւորմամբ եւ «Ուորլտ Վիժն Հայաստան» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող «Հմտութիւններ եւ գիտելիքներ յանուն երիտասարդներու հզօրացման» ծրագիրի մեկնարկային հանդիպման:
Ծրագիրի նպատակն է նպաստել տեղահանուած եւ հակամարտութիւններէն տուժած երիտասարդներու ընդելուզման Հայաստանի մէջ:
Փոխանցելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` Սերժ Սրապիոնեան նշեց. ««Ուորլտ Վիժն Հայաստան» միջազգային կազմակերպութեան գործունէութիւնը նմանօրինակ այլ կառոյցներից տարբերւում է նրանով, որ երիտասարդներին նախապատրաստում է դիմագրաւել աղէտներին եւ այլ խնդիրներին: Գովելի է, որ այս տարուայ ծրագրում ընդգրկուած են նաեւ սիրիահայեր եւ «Ուոլտ Վիժնի» գործունէութեան շնորհիւ աւելի կ’արագանայ նրանց ինտէգրման գործընթացը: Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամութեամբ կը համագործակցի` իրականացնելու այս կարեւոր ծրագիրը»:
«Ուորլտ Վիժն Հայաստան»-ի տնօրէն Ժիրայր Էտիլեան ողջունելով ներկաները` ուրախութեամբ նշեց, որ վերջապէս մշակած են յատուկ ծրագիր, որուն անմիջական շահառուները հիմնականին մէջ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ երիտասարդները պիտի ըլլան:
Այնուհետեւ ՎՎՀ երիտասարդական ծրագիրներու ղեկավար Լիանա Սարգսեան առաւել ամփոփ ներկայացուց երիտասարդներուն համար առաջարկուող ծրագիրը` ընդգծելով, որ ծրագիրի նպատակն է նպաստել տեղահանուած եւ հակամարտութիւններէն տուժած երիտասարդներու ընդելուզման Հայաստանի մէջ, եւ մասնագիտական կողմնորոշման, դասընթացներու, գործնական աշխատանքի ու զբաղուածութեան հնարաւորութիւններ ստեղծելով` աջակցելու անոնց կենսագործունէութեան համար անհրաժեշտ միջոցներու ապահովման: Ան աւելցուց, որ ծրագիրի շահառուները 14-35 տարեկան երիտասարդներ են, որոնց 70%-ը փախստականներ պիտի ըլլան, իսկ 30%-ը` տեղացիներ: Նման համամասնութիւնը կը նպաստէ Հայաստան հաստատուած սուրիահայ երիտասարդներու առաւել արագ եւ արդիւնաւէտ ընդելուզման: