Նախապատերազմական Վիճակ Չկայ, Բայց Ատիկա Չի Նշանակեր, Որ Մեր Զգօնութիւնը Պէտք է Նուազի. Դաւիթ Բաբայեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/բաբայան.jpg)
ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան կը նշէ, որ հակառակորդին կողմէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերու արկակոծումը առանձնապէս որեւէ բանով պայմանաւորուած չէ եւ ատիկա Ատրպէյճանի պետութեան էութիւնն է:
«Իհարկէ այն, որ զօրավարժութիւններ են անցկացւում, այդ համատեքստում էլ են խախտում զինադադարի ռեժիմը, բայց սա այդ պետութեան էութիւնն է, եւ նման պետութիւնները հէնց այդպիսի քաղաքականութիւն են վարում»,- ըսած է ան, կը յայտնէ Թերթ.ամ-ը:
Նշենք, որ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ մասնաւորապէս` ժամը 12:15-էն սկսած, հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետերէ կ՛արկակոծէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ եւ Եարըմջա) ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը: Յատկապէս բուռնս արկակոծութեան կ՛ենթարկուին Եարըմջա գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը:
Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ որքան Ատրպէյճանի ընկերա-տնտեսական վիճակը կը բարդանայ, այնքան Ատրպէյճանը ապակառուցողական դիրք կ՛ընդունի, կրկին կը շահարկուի արտաքին թշնամիի կերպարը, որպէսզի բնակչութիւնը շեղէ առկայ խնդիրներէն, ինչ որ նաեւ կանխատեսելի է:
«Ամէն ինչ արւում է մեր բանակի մարտունակութիւնը բարձր պահելու համար, ինչն ամենակարեւոր եւ ամենագործուն մեխանիզմն է, որպէսզի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանում պահպանուի: Ուրիշ տարբերակ չկայ»,- ըսած է ան եւ վստահեցուցած, որ միշտ ալ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
«Սակայն խօսել այն մասին, որ կայ նախապատերազմական վիճակ, դա ի հարկէ այդպէս չէ, բայց այն, որ հաւանականութիւնը քիչ է, դա չի նշանակում, որ մեր զգօնութիւնն էլ պէտք է քիչ լինի, կամ նուազի, կամ էլ նման երեւոյթների վրայ չպէտք է ուշադրութիւն դարձնենք: Իրավիճակը վերահսկւում է, որեւէ արտառոց բան չկայ»,- ըսած է ան:
Ինչ կը վերաբերի համանախագահողներու արձագանգին, ապա ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակը մէջբերեց երկու օր առաջ ԱՄՆ դեսպանի Ատրպէյճանի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, ըստ որու` ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային եւ խաղաղ ճանապարհին այլընտրանք չկայ: «Նայ դա արել է այս զօրավարժութիւնների նախօրէին, ինչը յստակ պատգամ է, որ Ատրպէյճանը յանկարծ չմտածի իրավիճակն ապակայունացնելու ուղղութեամբ»,- աւելցուցած է ան: