ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն Պաղտատի Մէջ
Նոյեմբեր 6-ին Պաղտատի Պապելոն հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 25–ամեակին նուիրուած ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին Իրաքի պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, Պաղտատի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, իրաքահայ համայնքի անդամներ: Երեկոյի պատուոյ հիւրը Իրաքի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու նախարար Ապտել Ռազըք Ալ-Իսսան էր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ներկաներուն ուղղուած իր շնորհաւորական խօսքին մէջ Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ընթացող պետականակերտման գործընթացին եւ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Ներկայացնելով հայ-իրաքեան պատմական յարաբերութիւնները` դեսպան Գրիգորեան կարեւոր համարեց համագործակցութեան ու կառուցողական երկխօսութեան միտուած ատոնց շարունակական զարգացումը: Ան աւելցուց, որ 2010 թ. վերաբանալով դեսպանութիւնը Պաղտատի մէջ` յաջողած է նոր որակ հաղորդել երկկողմ համագործակցութեան, որ կը ներառէ եռանդուն քաղաքական երկխօսութիւն, միջխորհրդարանական կապեր, ապակեդրոնացուած փոխգործակցութիւն, տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութիւն: Դեսպանը յատկապէս կարեւոր համարեց իրաքահայ համայնքի ներդրումը երկկողմ բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Իրաքի կառավարութեան անունէն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նախարար ալ-Իսսան, որ բարձր գնահատեց բոլոր ոլորտներուն մէջ հայ-իրաքեան համագործակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային աւելի կը խորացուին կապերը, ինչպէս քաղաքական ու տնտեսական, այնպէս ալ կրթամշակութային ոլորտներուն մէջ :
Պաշտօնական ընդունելութեան սկիզբը բացուեցաւ Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանի` «Հայկական ճարտարապետութիւն» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցաւ հայկական ազգային տարազներու ցուցադրութիւն: