«Թուային Դարաշրջանի Դպրոց» Ծրագիրի Մեկնարկը Հայաստանեան «Արժանթինեան Հանրապետութիւն» Դպրոցին ՄԷջ

Հոկտեմբեր 27-ին Երեւանի «Արժանթինեան Հանրապետութիւն» դպրոցին մէջ մեկնարկեց «Թուային դարաշրջանի դպրոց» ծրագիրը, որ իրականացուեցաւ Մայքրոսոֆթի հայաստանեան գրասենեակին կողմէ` ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի դեսպանութեան, «Թեքնոլոճի ընդ Սայնս Տայնամիքս» ընկերութեան, «Կոնվերսբանկ» ՓԲԸ-ի եւ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան արդիւնքով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն:
Ծրագիրի հիմնական նպատակն է վերոնշեալ դպրոցին մէջ ներդնել ամենաարդիական արհեստագիտութիւնները, ստեղծել արդիւնաւէտ եւ ժամանակակից միջավայր, ուր համապատասխան գործիքներու միջոցով կը ստեղծուի խմբային համագործակցութիւն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի մէջ Microsoft –ի մաս կազմող դպրոցներուն միջեւ:
Ծրագիրի ծիրէն ներս բոլոր 5-րդ եւ 6-րդ դասարանցիները կը ստանան Window 10 գործողութեան համակարգով երկուքը մէկի մէջ թապլեթ սարքեր (2:1 tablets)` արդէն տեղադրուած Office 365, Classroom Mix եւ Minecraft ծրագիրներով:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիտիան, ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Կարինէ Յարութիւնեան, «Թեքնոլոճի ընդ Սայնս Տայնեմիքս» ընկերութեան (ԹՍԴ) հիմնադիր Վահան Չակարեան, Մայքրոսոֆթ ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի կրթական գծով տնօրէն Քրիսթոտոլոս Փափաֆոթիսը, Մայքրոսոֆթ Հայաստան գրասենեակի տնօրէն Լիանա Կորկոտեան, եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր: