Հայաստան Ժամանած 4 Սուրիահայ Ընտանիքներէն Մէկը 3 Տարի Բնակած Է Լիբանան

Այս օրերուն Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած է 4 ընտանիք, սակայն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն դիմած են երկուքը` Գալուստեաններու եւ Կարապետեաններու ընտանիքները, որոնց խնդիրներու լուծման նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տրամադրուած է անհրաժեշտ խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` յառաջիկայ 6 ամիսներուն ընթացքին Գալուստեաններու ընտանիքը պիտի բնակի անհատ բարերարի մը կողմէ յատկացուած բնակարանի մէջ, իսկ Կարապետեաններու ընտանիքը վարձակալութեան հիմունքներով կը բնակի «Կլենտէլ հիլզ» թաղամասին մէջ: Աւելցնենք, որ մինչ Հայաստան ժամանելը Կարապետեաններու ընտանիքը 3 տարի բնակած է Լիբանան: