«Ես Օտար Էի, Եւ Դուք Ընդունեցիք Զիս. Հայ Մշակոյթի Օրեր Շթութկարտի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 13-23 Գերմանիոյ Պատեն­ Վիւրթեմպերկ երկրամասի հայ համայնքի, համայնքի հոգեւոր հովիւ Տիրատուր քահանայ Սարդարեանի նախաձեռնութեամբ Շթութկարտի ՄԷջ տեղի պիտի ունենան «Հայ մշակոյթի օրեր»: «Ես օտար էի, եւ դուք ընդունեցիք զիս» խորագիրը կրող մշակոյթի օրերուն ընթացքին կը կազմակերպուին համերգներ,լուսանկարներու ցուցահանդէս, դասախօսութիւններ, եկեղեցական արարողութիւններ, մէկօրեայ գիտաժողով, գիրքերու շնորհանդէսներ եւ այլ ձեռնարկներ:

«6-րդ անգամ կազմակերպուող «Հայ մշակոյթի օրեր»-ու  ծիրէն ներս ` պիտի փորձենք ներկայացնել Հայկական սփիւռքը, խօսիլ Հայաստան ապրող փոքրամասնութիւններուն մասին` մշակոյթի լեզուով»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տիրատուր քահանայ Սարդարեան:

Ձեռնարկներու մեկնարկը պիտի տրուի Հոկտեմբեր 13-ին:

Մշակոյթի օրերու ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 15-ին կազմակերպուող գիտաժողովի թեմաները բազմաթիւ են` փախստականներու հիմնախնդիրը, Սուրիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ իրավիճակը եւ քրիստոնեաներու ապագան այդ երկիրներուն մէջ, ԼՂ հիմնահարցը: «Կը համագործակցինք գերմանացի փրոֆէսոր Թեսա Հոֆմանի եւ Պատեն­ Վիւրթեմպերկ երկրամասի քաղաքական կրթութեան կեդրոնին հետ: Հրաւիրուած են գերմանացի, հայ դասախօսներ, փրոֆէսորներ, ինչպէս նաեւ` արամեացի փրոֆէսոր, քաղաքական գործիչներ: Մէկօրեայ ձեռնարկ է, որուն նպատակն է  հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել եւ խօսիլ Իրաքի, Սուրիոյ եւ պատերազմող այլ երկիրներու մէջ ապրող քրիստոնեաներու ճակատագրին մասին: Այստեղ` Գերմանիոյ մէջ, մենք շատ փախստականներ ունինք, որոնց մեծամասնութիւնը իսլամներ են, կան նաեւ քրիստոնեաներ, որոնք կ’անտեսուին», ըսաւ Տիրատուր քահանայ Սարդարեան:

Շթութկարտի   Աստուածաշնչեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի Ղեւոնդ վարդապետի «Հայկական Երուսաղէմ» լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ Աստուածաշունչի մասին զրոյց-քննարկումներ, թէ ինչպէս  ընդունուած է այն Հայաստանի, Գերմանիոյ եւ Իսրայէլի մէջ:

Մշակոյթի օրերու ծիրէն ներս  Հոկտեմբեր 19-ին տեղի պիտի ունենայ գերմանացի Քոնստանցէ Եանի «40 օրեր  Հայաստանի մէջ» գիրքի շնորհանդէսը, որ այս տարի  լոյս տեսած է: Հոկտեմբեր 22-ին գրող, բանաստեղծուհի Ագապի Մկրտչեան կը բանախօսէ Հայկական սփիւռքի մէջ ստեղծուող գրականութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ Պարոյր Սեւակի գործերու գերմաներէն իր կատարած թարգմանութիւնները:

Հոկտեմբեր 15-ին պիտի կայանայ Ռոբերտ Ամիրխանեանի եւ Սեդա Ամիր-կարայեանի համերգը: Երեկոյին ընթացքին պիտի  ներկայացուին մայեսթրոյի գործերը: Հոկտեմբեր 16-ին կազմակերպուող համերգային ծրագիրին ընթացքին Վարդուհի Խաչատրեան եւ Անահիտ Տէր-Դաշեան կը կատարեն հայ եւ եւրոպացի դասական երգահաններու ստեղծագործութիւնները:

Հոկտեմբեր 22-ին նախատեսուած է դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի համերգը: Ծրագիրի առաջին մասին մէջ դաշնակահարը պիտի ներկայացնէ Վիլի Վայների գործերը, իսկ երկրորդ մասին մէջ` հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները:

«Հայ մշակոյթի օրեր»-ը կ’եզրափակուի Հոկտեմբեր 23-ին` Արաբկիրի Հայորդաց տան «Ամբերդ» պարախումբի համերգով:

«Մշակոյթի օրերը առիթ կը ստեղծեն, որպէսզի գերմանացիները հաղորդակցուին հայկական մշակոյթին, ծանօթանան հայերու, Հայաստանի հետ, իսկ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու սեփական մշակոյթին: Համայնքի մեծամասնութիւնը Թուրքիայէն եկած հայեր են, որոնցմէ շատերը երբեք առիթ չեն ունեցած Հայաստան այցելելու: «Հայ մշակոյթի օրեր»-ը լաւագոյն առիթ է ծանօթանալու սեփական մշակոյթին, լեզուին, պատմութեան: Մեր երկրամասին մէջ նախօրօք չէին գիտեր հայկական համայնքի գոյութեան մասին, չնայած համայնքը 30-ամեայ պատմութիւն ունի: Մշակոյթի օրերը մեզ հետ ծանօթանալու առիթ հանդիսացան»,-նշեց Տիրատուր քահանայ Սարդարեան:

Համայնքի հոգեւոր հովիւը նշեց, որ անցնող տարիներուն ընթացքին համագործակցած են Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հետ, իրենց մշտական աջակիցը Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունն է:

«Մեր ձեռնարկները հիմնականին մէջ կը ֆինանսաւորեն գերմանական կազմակերպութիւնները եւ գերմանացիները, որուն համար կ’ուզեմ անոնց շնորհակալութիւն յայտնել: Սակայն ցանկութիւնս է, որ հովանաւորներու մէջ ըլլան նաեւ հայ գործարարներ, հայկական կազմակերպութիւններ: Անոնց համար սա յարմար առիթ է Գերմանիոյ մէջ իրենց աշխատանքը ներկայացնելու եւ աջակցելու Եւրոպայի մէջ հայկական մշակոյթի զարգացման եւ տարածման: Հայկական համայնքին համար մեծ պատիւ է, որ այս տարուընէ «Հայ մշակոյթի օրեր»-ը ներառուած են Շթութկարտի ՄԷջ աշնան կազմակերպուող ձեռնարկներու պաշտօնական ցանկին մէջ: Սա կը փաստէ մեր ձեռնարկի կարեւորութիւնը»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ իր զրոյցը եզրափակեց Տիրատուր քահանայ Սարդարեան:

 

Scroll Up