Հայկական Գիւղին ՄԷջ Կը Վերածնի Թաղիքէ Հագուստի Արհեստը

Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Արեգնադէմ գիւղին մէջ բացուած է թաղիքէ հագուստի ու յուշանուէրներու փոքր արտադրութիւն: Ձեռնարկութեան աշխատակցուհիներէն մէկը, գիւղի աւագ Աղունիկ Հազրեանը NEWS.am-ի թղթակիցին ըսած է, որ այնտեղ 4 մարդ կ’աշխատի :
Նախագիծը սկսած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Թուրփանջեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ, որ կ’աջակցի գիւղական տեղանքներուն մէջ աշխատատեղերու բացման: Հիմա քիչերը գիտեն բուրդէ թաղիք տրորել: «Ես ճիշդ է կը յիշէի, ինչպէս իմ ծնողները տան մէջ թաղիք կը պատրաստէին: Եւ մտածեցի, որ մենք ալ կրնանք սորվիլ: Մեզի համար կարեւորն այն է, որ եւ՛ թելը, եւ՛ ներկերը տեղական ըլլան»- բացատրեց Հազրեան: Երեւանի մէջ արդէն յաջողած է փոքր արտադրամաս մը գտնել բրդեայ թելեր ներկելու համար, հէնց անոնց հետ ալ մտադիր է աշխատելու:
Կօշիկի համար աւելի պինդ թաղիք կը տրորուի, իսկ շարֆերու, բարձերու ու խաղալիքներու համար` աւելի փափուկ: Եթէ ներկերը պէտք է փնտրել, ապա բուրդ որքան ըսես կայ: Ամասիոյ շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի այս գիւղը, շատերը ոչխար կը պահեն, իսկ բուրդը յանձնելու տեղ չկայ` խորհրդային կտորեղէնի արդիւնաբերութիւնը, որ կը կերակրէր հանրապետութեան հիւսիսը, փլած է 25 տարի առաջ:
«Բուրդը կը բաւականացնէ, կարեւորը լաւը գտնելն է: Հիմա մենք ատոր հետ քիչ մը նեյլոն կը խառնենք, բայց երբ սկսինք մշտապէս աշխատիլ գիւղացիներուն հետ, այդ ժամանակ միայն բուրդ կ’օգտագործենք: Մշակման համար մենք միայն եռման ջուր ու տնտեսական օճառ կ’օգտագործենք: Նոյնիսկ տրորելը ձեռքով կ’ընենք: Եւ բուրդը ամբողջովին մեր գիւղերէն կ’ըլլայ: Կը մնայ, որ ներկերն ալ տեղական ըլլան- կ’ըսէ Հազրեան:
Այդ պարագային, կը մտածէ ան, հնարաւոր կ’ըլլայ յայտ ներկայացնել օրգանիկ ապրանքի հաւաստագիրի համար ու ապրանքը վաճառել Արեւմուտքի մէջ: «Երեւանի մէջ օտարերկրեայ դիւանագէտները արդէն մեր մասին գիտեն: Նորվեկիոյ հիւպատոսը, օրինակ, շատ հաւնած է: Մենք ուրախ ենք: Չէ՞ որ ատիկա կը նշանակէ, որ իմ համագիւղացիներս ինչ- որ աշխատանք կ’ունենան»- կ’աւելցնէ ան:
Առ այժմ աշխատող անձնակազմը միայն 4 մարդ է, բայց Հազրեան մտադիր է իւրացնել նաեւ բուրդի լուալն ու մանելը (գիւղացիները կ’ուզեն նաեւ թելերը ինքնուրոյն ստանալ): «Ապրանքանիշին համար անուն մենք արդէն մտածած ենք` «Արփի»: Արտասահմանի համար ` Arpi Wool: Եւ մեր Արփի լիճի անունով, որ մեզմէ հեռու չէ, եւ իմ դուստրին անունով: Ան պիտի ըլլայ մեր տնօրէնը» ,- կը ժպտի Հազրեան: