Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Տոնի Ռոստովի ՄԷջ
Սեպտեմբերի 21-ին «Քառլ Մաքս»-ի անուան հրապարակին վրայ` ժողովրդական արուեստի շրջանային տան մէջ, տեղի ունեցաւ մեծ համերգ` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-րդ ամեակին: Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակի տօնին նուիրուած ձեռնարկները համախմբեց աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող միլիոնաւոր հայերու: Բացառութիւն չէր նաեւ սփիւռքի ամենամեծ օճախներէն Տոնի Ռոստովը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Տոնի Նախիջեւանի հայկական համայնք» շրջանային հասարակական կազմակերպութենէն:
Անկախութեան օրուան տօնակատարութեան մեկնարկը տրուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քահանաներու աղօթքով, որմէ յետոյ օրէնսդիր ժողովի` Ռոստովի մարզի պատգամաւոր, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի գործընկեր «Տոնի Նախիջեւանի հայկական համայնք» շրջանային հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ Յարութիւն Սուրմալեան տօնին կապակցութեամբ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները. «Յարգելի բարեկամնե՛ր, կը ցանկամ ձեզ շնորհաւորել այս գեղեցիկ օրուան առթիւ: Կը մաղթեմ, որ մեր երկիրը մնայ այսպէս հզօր եւ բարգաւաճ: Հայ ժողովուրդը աշխատասէր է, արժանի է բոլոր բարիքներուն: Մենք պէտք է միշտ յիշենք մեր պատմական արմատներուն մասին` պահպանելով մեր ազգային ինքնութիւնը, սէր փոխանցենք մեր երկրին եւ սովորոյթները` մեր երեխաներուն»:
Հարաւային դաշնային շրջանին մէջ ՀՀ հիւպատոս Վարդան Ասոյեան նշեց. «Հայաստանը բազմաթիւ խնդիրների եւ ցնցումների միջով է անցել: այժմ երկիրն ակտիւօրէն զարգանում է բոլոր ուղղութիւններով: Սիրելի բարեկամնե՛ր, շնորհաւորում եմ ձեզ նշանակալի օրուայ կապակցութեամբ»:
Քաղաքապետի` Սերկէյ Կորպանի անունէն շնորհաւորանքներով հանդէս եկաւ Վիքթոր Պերեժնոյը:
Ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի երկակի ախոյեան, Ռոստովի մարզի ըմբշամարտի ֆետերացիոնի նախագահ, Օրէնսդիր ժողովի պատգամաւոր Վարդերես Սամուրկաշեւը իր հերթին իր գոհունակութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքերը ուղղեց ներկաներուն. «Ընկերնե՛ր, Հայաստան արդէն 25 տարի է` անկախ պետութիւն է: Շատ հպարտ եմ, որ տարբեր բնոյթի մրցումներու մէջ հէնց մեր մարզիկները կը գրաւեն մրցանակային տեղեր: Հէնց Արթուր Ալեքսանեանը նուաճած է առաջին ոսկէ մետալը Հայաստանի համար` Ռիոյի մէջ կայացած ողիմպիական խաղերուն, ուր հանդիսաւորութեամբ ամբողջ աշխարհի առջեւ հնչեց անկախ երկրի օրհներգը»:
Նշենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Մեասնիքովի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Գիլաֆեան, Ռոստովի մարզի Օրէնսդիր ժողովի կոմիտէի` կանոնակարգի գիծով նախագահ Նիկոլայ Շեւչենկոն: Տօնի ծիրէն ներս Ռոստովի բնակիչները պարգեւատրուած են պատուոգիրներով, Հայաստանի մշակոյթի եւ աւանդոյթներու պահպանման համար մետալներով:
Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ Տոնի 16 ազգային համայնքներու նախագահներ,ինչպէս նաեւ Ռոստովի շրջանային ատրպէյճանական ազգային-մշակութային ինքնավարութեան նախագահ Վագիֆ Մուսթաթաեւը, եւս ներկայ գտնուած է եւ շնորհաւորած հայ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ ձեռնարկի պաշտօնական բաժինին հետեւած է տօնական համերգ: Մասնակցած են բազմաթիւ վոկալային եւ պարային խումբեր` Ռոստովի մարզային ֆիլհարմոնիայի «Դոն» ռուսական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը` Գրիգոր Խուրդոյեանի գլխաւորութեամբ, Տոնի հայերու «Անի» համոյթը` Գրիգորի Խաթլամաջեանի ղեկավարութեամբ, Ալեքսան Սաղաթելեանի տուտուկի եւ քլարնեթի խումբը, Արմէն Երիցեանի ղեկավարած «Բառակուդա» արտադրութեան կեդրոնը, «Ախթամար» մանկական պարային համոյթը, Սոնիա Քալաֆեանի «Յոյսի աստղ» երգի եւ պարի համոյթը, «Արեւիկ» էսթրատային համոյթի աւագ եւ կրտսեր կազմերը` Արմինէ Սագերտեանցի ղեկավարութեամբ: Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ աճպարարներ Վարդան Ամիրեան եւ անոր կինը` Արեւիկ Յարութիւնեան:
Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարելիցի տօնակատարութիւնը աւարտած է 2010 թ. եւրոտեսիլին Հայաստանի մասնակից Եւա Ռիւասի «Հայաստան»երգով:
Աւելցնենք, որ լայնածաւալ ձեռնարկը կազմակերպած է «Տոնի Նախիջեւանի հայկական համայնք» ՌՄՀԿ` անձամբ անոր ղեկավար Յարութիւն Սուրմալեան: