Միշիկընի Նահանգապետը Ցեղասպանութեան Եւ Հոլոքոստի Պատմութեան Դասաւանդման Խորհուրդ Նշանակած Է

Միշիկընի նահանգապետ Ռիք Սնայտերը նշանակած է Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի պատմութեան դասաւանդման խորհուրդ, որ կազմուած կ’ըլլայ 15 անդամէ:

Խորհուրդը պիտի զզբաղի առարկայի դասաւանդման մեթոտի եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման  միջոցներու մշակմամբ: «Ապագայ սերունդներուն համար շատ կարեւոր է հասկնալ այն  հետեւանքները, որոնք ցեղասպանութիւնը ձգած է աշխարհի մէջ: Այս խորհուրդը կարեւոր դեր պիտի խաղայ այն հարցով, թէ ինչպէս դպրոցները կրնան գնահատել Միշիկընի դպրոցներուն մէջ այս առարկայի դասաւանդումը»,- ըստ News.am-ի` ըսած է նահանգապետը:

Յիշեցնենք, որ Յունիսին Միշիկընի նահանգապետը դպրոցներուն մէջ Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի պատմութեան դասաւանդման մասին օրէնք  մը ստորագրած էր:

Scroll Up