Հայաստանի Անկախութեան 25ամեակին Նուիրուած Համերգ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ Իրանահայ միութեան համատեղ ջանքերով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25ամեակին եւ Իրանահայ միութեան 60ամեակին նուիրուած իւրայատուկ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Փասատինայի «Էմպեսետըր» սրահին մէջ։
Պելֆրայի սիմֆոնիք նուագախումբը, խմբավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի գործերէն ընտրանի մը, իսկ գլխաւոր մենակատարն է համաշխարհային հռչակ վայելող ջութակահար՝ Սերկէյ Խաչատուրեան։
Տոմսերու համար դիմել՝ (800) 653-8000 կամ (818) 241-1073 թիւերուն կամ այցելել www.ticketmaster.com կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: