ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը

Սեպտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սոցիալ-դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը:
Հիւրը նախարարին պատմեց իրենց ընթացիկ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, Հայրնիքի հետ կապերու սերտացման առնչուող հարցեր: