Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Արցախի ՄԷջ Առաջնագիծ Այցելեց

Սեպտեմբեր 8-ի առաւօտեան Արցախի մէջ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն  Հայոց Կաթողիկոս, ուղեկցութեամբ ՊԲ հրամանատարի ԱՀՏԱ գիծով տեղակալ զօրավար Վարդան Բալայեանի, այցելեց մարտական դիրքեր` հայրապետական իր օրհնութիւնը բերելով առաջնագիծին վրայ իրենց ծառայութիւնը իրականացնող ՊԲ հրամանատարներուն եւ զինուորներուն:  Նորին Սրբութեան կ’ուղեկցէին նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

 «Մեր օրհնութիւնը, գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը ձեզ` նուիրեալ ձեր ծառայութեան համար, որ իրականացնում էք` անվտանգ պահելով մեր սահմանները եւ պահպանելով անդորրը Արցախի, նաեւ Հայաստանի մեր ժողովրդի», – իր խօսքին մէջ նշեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Ապահով ծառայութիւն ցանկալով զինուորներուն` Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց երիտասարդներուն յաղթական վերադարձ իրենց օճախներ:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ շրջեցաւ դիրքերուն մէջ, ծանօթացաւ պայմաններուն: Հայոց Հայրապետը զինուորներուն խաչեր նուիրեց, ինչպէս նաեւ սրբապատկերով խաչ` զինուորներու ուժերով կառուցուած մատուռին համար:

առաջնագիծ1առաջնագիծ2 առաջնագիծ3առաջնագիծ4 առաջնագիծ5առաջնագիծ6

Scroll Up