Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
Օգոստոս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքները:
Կարեւոր համարուեցան սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքները եւ քննարկուեցան յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յանձնարարեց պատշաճ կազմակերպել յառաջիկայ ձեռնարկները, մասնաւորապէս` Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուելիք ձեռնարկները, Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը, այլ ընթացիկ ձեռնարկներ:
Տրուեցան նոր յանձնարարականներ: Նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: