ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Համերգ Ժնեւի ՄԷջ

Օգոստոս 25-ին, Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանիի ներքոյ Ժնեւի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Երեկոյի մասնակիցներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեան իր ջերմ երախտիքը յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ արուեստագէտներուն` երեքհազարամեայ պատմութեան ընթացքին տարբեր մշակոյթներու, կրօններու, քաղաքակրթութիւններու հանդիպման խաչմերուկին գտնուող հայ ժողովուրդի հարուստ եւ ինքնատիպ երաժշտական արուեստը ժնեւեան հանդիսատեսին լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութեան համար:

Հայ արուեստի մեծ երախտաւորներու, ինչպէս միջնադարեան, այնպէս ալ արդի շրջանի երաժշտական արուեստի առանձնայատկութիւններու ներկայացմամբ հանդէս եկաւ Ժնեւի Երաժշտանոցի տնօրէն Եւա Յարութիւնեան:

Համերգին ընթացքին միջազգային տարբեր մրցոյթներու դափնեկիր` դաշնակահարուհի Եւա Յարութիւնեանի, մեներգչուհի Ճուլիէթ Գալստեանի, տուտուկահար Լեւոն Չատիկեանի, ջութակահար Ֆիլիփ Թալեկի եւ քլարինեթահար Տմիթրի Ռասուլ-Քարաեւի կատարմամբ հնչեցին Կոմիտասի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները: Հայկական պարարուեստի փայլուն ներկայացմամբ հանդէս եկաւ երիտասարդ կատարող Աննա Գրիգորեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Ժնեւի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դեսպաններ եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Տեղեկանք. Ժնեւի երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած «Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին» խորագիրով երաժշտական փառատօնին  Հայաստանի հետ մէկտեղ ընդգրկուած էին Իտալիան, Սպանիան եւ Փորթուկալը:

g_image

Scroll Up