Պէյրութի Առաքելական փոխանորդ Գերապայծառ Հայր Սեզար եպիսկոպոս Եսայեանին

Գերապայծառ Սրբազա՛ն Հայր,
Սիրով եւ հպարտութեան զգացումով կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հռոմի Պապ Ֆրանցիսկոս Ա Սրբազան Քահանայապետի կողմէն Պէյրութի Առաքելական Փոխանորդ նշանակուելու եւ Ձերդ սրբազնութեան եպիսկոպոսական աստիճան շնորհելու առիթով:
Յիրաւի, Պէյրութի Առաքելական Փոխանորդի պատուաբեր պաշտօնին նշանակմամբ արժանանալով եպիսկոպոսական աստիճանի կոչման` Դուք կը համալրէք Սուրբ Աթոռի այն նուիրեալ հոգեւորականներուն շարքերը, որոնք իրենց բացառիկ նպաստը կը բերեն Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցիին:
Սուրբ Աթոռի Գահակալի կողմէն Ձեզ վստահուած եպիսկոպոսական աստիճանը արժանի գնահատականն է աստուածահաճոյ այն գործունէութեան, զոր մինչ այժմ ծաւալած էք յանուն Սուրբ Աթոռի, երբ զբաղեցուցած էք Լիբանանի Ֆրանցիսկեան Հայրերու Մեծաւորի պաշտօնը: Ֆրանցիսկեան Միաբանութեան անդամակցման եւ երեսնամեայ արգասաբեր գործունէութեան ընթացքին Ձեր ձեռք բերած բարի համբաւն ու մեծ հեղինակութունը Ձեր հետեւողական ջանքերու եւ եռանդուն աշխատանքի խօսուն վկայութիւններն են:
Վստահ եմ, որ այսուհետ եւս կը շարունակէք Ձեր անձնուէր ծառայութիւնը` յանուն Սուրբ Աթոռի եւ Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու առաւել սերտացմանը, իսկ հոգեւոր պետերու հետ Ձեր հաստատած սերտ համագործակցութեամբ կը նպաստէք Հայրենիք-սփիւռք եւ Սփիւռք-սփիւռք կապերու խորացման եւ ամրապնդման:
Եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեր հաւատքէն բխող աստուածահաճոյ իրագործումներով Ձեր յետագայ աշխատանքին:
ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ