«Դուրսը Մենք Միշտ Կ’ապրինք Հայրենիք Ունենալու Հպարտութեան Զգացումով». Գոհար Ադամեան

Մեկնարկեց  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  «Արի տուն-2016»  ծրագիրի  6-րդ փուլը,  որուն ծիրէն ներս   աշխարհի 18 երկիրներէ  Հայաստան  ժամանած են 132 հայորդիներ:  Անոնցմէ   քանի մը հոգիի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

IMG_4157

Ռոզա Յակոբեան, ՌԴ, Թուլա, 18 տարեկան

-Ծնած  եմ Թուլայի մէջ: Շատ փոքր տարիքիս  եկած եմ Հայաստան եւ գրեթէ բան չեմ յիշեր:  Ծրագիրին մասին քանի մը աղբիւրներէ իմացած եմ. մայրիկս դպրոցի մէջ տարրական դասարաններու ուսուցչուհի է, ան դպրոցէն իմացած է, հեռուստատեսութեամբ  լսած ենք, տեղեկացած եմ  նաեւ հօրաքրոջս աղջիկէն, որ, Սեւանի ճամբարին  հանգստանալուն, հանդիպած է անցեալ տարուան մասնակիցներուն:  Այնքա՜ն  մեծ էր «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու  ցանկութիւնս, որ մեր ընտանիքը ընդառաջեց  զիս, եւ  ես Հայաստանի մէջ եմ: Ինծի համար մեծ պատիւ է այսօր ներկայ գտնուիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ. յուզուած եմ,  քիչ մը շփոթած, դեռ չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս պիտի անցնեմ Հայրենիքի մէջ գտնուելու օրերս, սակայն համոզուած եմ, որ հարուստ տպաւորութիւններով  ու չվերջակէտուող կարօտով պիտի վերադառնամ Թուլա:

IMG_4159

 Գայեանէ Գէորգեան,  Իռլանտա,  Քիլտեր, 15 տարեկան

-Ծնած եմ Հայաստան. գացած ենք, երբ շատ փոքր եղած եմ:  Առաջին անգամ  Հայաստան կու գամ: Ծրագիրին մասին տեղեկացած ենք համացանցի միջոցով: Քիչ բան գիտեմ Հայաստանի մասին. Կը կարծեմ,  որ այս օրերուն ընթացքին  աւելին կ’իմանամ Հայրենիքիս մասին. այնքա՜ն անհամբեր կը սպասեմ պատմամշակութային յուշարձաններ այցելելուն, կ’երազեմ կապուտակ Սեւանի մասին` երազանք, որուն իրականացումը այնքան ալ հեռու չէ: Այս պահուն, երբ դահլիճին մէջ  հաւաքուած են աշխարհի տարբեր ծայրերէ Հայաստան ժամանած  հայորդիներ, ինծի կը թուի, թէ  փոքրիկ, միացեալ երիտասարդ Հայաստան մը  ստեղծուած է…մենք` Սփիւռքի տարբեր հատուածներու մէջ ծնած, ապրող երիտասարդներս, այնքա՜ն բան կ’ունենանք իրար ըսելու, իրարմէ սորվելու: Ինծի հետ են նաեւ մօրաքրոջս երկու աղջիկները` Գոհարն ու Մարիանը:

Մարիան Ադամեան,  Իռլանտա, Քիլտեր, 13 տարեկան

-Ես 4 տարի առաջ  եկած եմ Հայաստան: Մեր ծնողները հայաստանցիներ են, մեր ընտանիքը թէեւ դուրսը կ’ապրի, սակայն այն  փոքրիկ Հայաստան մըն է` իր աւանդոյթներով,  հայեցի դաստիարակութեամբ, հայկական խոհանոցով, մայրենի լեզուի  հանդէպ ունեցած  պաշտամունքով: Հիմա եկած ենք երեք քոյրիկներով` ես ու Մարիանը եւ մեր մօրաքրոջ աղջիկը` Գոհարը, ու երեքս ալ համոզուած ենք, որ տարբեր երկիրներէ եկած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին  երիտասարդական հետաքրքիր, նոր  ծրագիրներու գաղափարներ կը ծնի:

Գոհար Ադամեան, Իռլանտա, Քիլտեր, 15 տարեկան

– Մենք դուրսը միշտ կ’ապրինք Հայրենիքի կարօտով եւ  Հայրենիք ունենալու հպարտութեան զգացումով: Ես երկու տարի առաջ եկած եմ Հայսատան. մեր հայրական եւ մայրական կողմի տատիկներն ու պապիկները կ’ապրին Հայաստանի մէջ` Փարաքար եւ Զուարթնոց: Քանի մը օրէն Հայաստան կու գան նաեւ մեր ծնողները: Հայաստանի մէջ գտնուիլը եռակի   ուրախութիւն է մեզի համար, որովհետեւ մենք կրնանք տեսնել մեր հարազատները,  եւ այժմ ալ հրաշալի առիթ է ընձեռուելու   այս ծրագիրի ծիրին մէջ այցելելու տեսարժան վայրեր,  շփուելու տարբեր երկիրներէ եկած մեր հասակակիցներուն հետ: Շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:

IMG_4161

Մատթէոս  Մարգարեան, իրաքահայ, 13 տարեկան

-Ծնած եմ Իրաքի Պաղտատ քաղաքին մէջ. պատերազմական  գործողութիւններու պատճառով մեր ընտանիքը տեղափոխուած է Հայաստան: Կը յաճախեմ Երեւանի թիւ 78, Հայրապետ Հայրապետեանի անուան դպրոցը: Շատ լաւ ուսուցիչներ ու ընկերներ ունիմ: Մեր ընտանիքը միշտ եղած է հայախօս. Իրաքի մէջ ալ մեր տունէն ներս կ’իշխէր հայերէնը: Ես  կը սիրեմ Հայաստանը  ու շատ շնորհակալ եմ իմ ծնողներուս, որ մէկ այլ երկիր չենք տեղափոխուած: Այս ծրագիրը ինծի շատ կը հետաքրքրէ.  կը ցանկայի, որ այսպիսի ծրագիրներ աւելի շատ ըլլան, որպէսզի մենք  կ’արենանաք ծանօթանալ մեր հասակակիցներուն հետ:  Անհամբեր էի, թէ երբ պէտք է դառնամ 13 տարեկան, որպէսզի կարենամ մասնակցիլ այս ծրագիրին: Հիմա արդէն ես մասնակիցներուն հետ այս դահլիճին մէջ եմ. տարբեր երկիրներէ մէկ տեղ  հաւաքուած այսքան երեխաներ, երիտասարդներ  դեռ չէի տեսած:

Այս հայորդիներու անկեղծ ու  քիչ մը շփոթած զրոյցին ընթացքին բազմիցս կը համոզուիս,  որ շատ հզօր է հայու երակներուն հոսող արեան կանչը եւ ակամայէն կ’ապաւինիս այդ կանչին, որ օտար ափերու վրայ չձուլուելու  իւրօրինակ փրկօղակ է սփիւռքահայութեան համար:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up