Հայաստանի ՄԷջ Ոսկերչութեան Եւ Ադամանդագործութեան Ոլորտին ՄԷջ Պիտի Իրականացուի 7,5 մլն Տոլարի Ներդրումային Ծրագիր

Կառավարութեան որոշմամբ «Քէյ ՃԻ Տայմոնտ» ՍՊԸ-ին տրուեցաւ «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ շահագործողի կարգավիճակով գործունէութիւն ծաւալելու թոյլտւութիւն: ՀՀ տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ընկերութիւնը ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կը նախատեսէ ծաւալել ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտներու գործունէութիւն:
«Քէյ ՃԻ Տայմոնտ»-ը մտադիր է «Մերիտիան»-ի մէջ 9 տարուան ընթացքին ներդրուﬓերու ծաւալը հասցնել 7,5 մլն տոլարի: 2016թ. ընթացքին կը նախատեսուի բանալ 15 նոր աշխատատեղ եւ մօտակայ 5 տարուան ընթացքին հասցնել ընդհանուր ﬕնչեւ 20 աշխատատեղ` 600-800 տոլար ﬕջին աշխատավարձով»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` ըսաւ Մինասեան:
Նախարարը ընդգծեց, որ ընկերութիւնը կը ծրագրէ արտահանում իրականացել հետեւեալ հիմնական ուղղութիւններով` ՌԴ, ԱՄՆ, Գանատա, Մեծ Բրիտանիա, Սաուտեան Արաբիա` ծրագիրին ընթացքին արտահանման տարեկան ծաւալի աճը 400 հազ. տոլարէն հասցնելով մինչեւ 1,4 մլն տոլարի: