Հայաստանի ՄԷջ Առաջին Անգամ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպառազինութեան Միջազգային Ցուցահանդէս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/iskander-m.jpg)
Հոկտեմբեր 13-15 Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արմհայտէք-2016» սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութիւններու անդրանիկ միջազգային ցուցահանդէսը:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, միջազգային ցուցահանդէսի կազմակերպումը ընդգրկուած է Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գագաթնաժողովի իրականացման ձեռնարկներու ծրագիրին մէջ:
Մասնաւորապէս, պիտի ցուցադրուի զրահապատ, հրետանի, օդուժի, ՀՕՊ միջոցներ, ճարտարագիտական սարքաւորում, քիմիական պաշտպանութեան միջոցներ, ԱԹՍ-ներ, ռոպոթատեխնիկա, զինուորական հանդերձանք, կապի ու լազերային եւ բազմաթիւ այլ նմուշներ:
Յունիս 21-23 Մոսկուա ՊՆ պատուիրակութեան այցի ընթացքին նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան եւ ԵրՄՄԳՀԻ ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն Արսէն Թառոյեան «Բիզոն» ցուցահանդէսային ընկերութիւններու միաւորում» ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն Սերկէյ Մարիչեւի հետ կայացած հանդիպման արդիւնքով ձեռք բերած են պայմանաւորուածութիւն` ցուցահանդէսը կազմակերպելու վերաբերեալ: