Հզօր Հայաստանի Ստեղծումը Պէտք Է Դառնայ Ազգային Գաղափարախօսութիւն. Հրանոյշ Յակոբեան

«Շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել լիբանանահայ համայնքին Արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերին, եւ ոչ միայն,  Հայաստանին եւ Արցախին սատարելու եւ աջակցելու համար: Լիբանանահայ համայնքը Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները դատապարտող բողոքի ցոյցերով, նամակներով, Արցախին օժանդակող հանգանակութիւններով հայրենիքի կողքին էր:

Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններին` ՌԱԿ, ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, իրենց հայրենասիրական նախաձեռնութիւնների, Արցախեան խնդրով Լիբանանի իշխանութիւնների հետ հանդիպումների համար»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ լիբանանահայ համայնքի ազգային, հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հեռաժողովին ընթացքին նշած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Հանդիպման ընթացքին Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարած է նաեւ ապրիլեան օրերուն հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը:

«Այդ օրերին հայ ժողովուրդը մէկ բռունք էր դարձել: Մեր միասնականութեան շնորհիւ աշխարհը տեսաւ, որ Արցախն իր թիկունքին ունի Հայաստան եւ Սփիւռք: Մենք պէտք է համախմբուածութեան, միասնականութեան, կազմակերպուածութեան, միմեանց օգնելու, բարձրացնելու ոգեւորութեան ալիքը շարունակական դարձնենք»,-ըսած է Հրանուշ Յակոբեան:

Անդրադառնալով լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն` նախարարը ընդգծած է համախմբուածութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, համայնքային ձեռնարկներու նախաձեռնումն ու համայնք-հայրենիք կապերու ամրապնդումը:

«Ժամանակն է մի կողմ թողնել ներքին տարաձայնութիւնները եւ համախմբուել համահայկական խնդիրների շուրջ: Մեր ժողովրդի առջեւ այսօր ծառացած են հարցեր, որոնք շատ արագ լուծում են պահանջում: Մենք ունենք չլուծուած խնդիրներ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հարց, ԼՂՀ հիմնախնդիր, շրջափակում, փակ սահմաններ, աղքատութիւն, արտագաղթ: Այս հարցերն են, որ միասնաբար լուծման կարիք ունեն: Պէտք է յիշել, որ միայն հզօր Հայաստանը կարող է լուծել այս բոլոր խնդիրները: Հայաստանի հզօրացումը բոլոր հայերի խնդիրն է: Հզօր Հայաստանի ստեղծումը պէտք է դառնայ ազգային գաղափարախօսութիւն: Հզօր Հայաստանի շուրջ է, որ մենք պէտք է միաւորուենք»,-ընդգծած է Հրանուշ Յակոբեան:

Scroll Up