Ռումանահայերը Կ’ողջունեն Պունտեսթակի Պատմական Որոշումը

Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ Յունիս 3-ին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը` ՌՀՄ նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի ղեկավարութեամբ:Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի.

«Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը կ’ողջունէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ճանաչման մասին 2016թ. Յունիս 2-ի Գերմանիոյ Պունտեսթակի գրեթէ միաձայն որոշումը: Սա միջազգային լայն անդրադարձ ունեցող պատմական քուէարկութիւն է: Այս քուէարկութիւնը խորը իմաստ ունի, առաւել եւս, որ այս որոշումով Պունտեսթակը կ’ընդունի այն փաստը, որ Գերմանիան առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իր պատասխանատուութիւնը ունեցած է այն իրադարձութիւնները սկսելու ու իրականացնելու մէջ, որոնք գործնականին մէջ յանգեցուցած են երեքհազարամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող Անատոլիոյ հայերու վերացման: Գերմանիոյ այս բացառիկ դիրքորոշումը բացայայտ կոչ է Թուրքիոյ` հրաժարելու ժխտողական վերաբերմունքէն եւ իր հերթին ընդունելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ համակարգուած գործողութիւններու միջոցով իրենց իսկ տարածքին մէջ հայ բնակչութեան ոչնչացումը:

Շարունակելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման առիթով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Եոահիմ Կաուկի դեռեւս անցեալ տարուան յայտարարութիւնը` Պունտեսթակի որոշումը միաժամանակ յիշատակի տուրք է գերմանական ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք եղած են հայ դատի աջակիցները եւ որուն պարտական ենք 1915թ. տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին ցնցող վկայութիւններուն համար: Խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի քարոզիչ Եոհաննէս Լեփսիուսին ու զինուորական բժիշկ Արմին Վէգներին:

Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ այս քուէարկութիւնը Ռումանիոյ խորհրդարանէն ներս նոյնպէս քննարկումներ առաջ կը բերէ, որուն կը յաջորդէ նմանատիպ բանաձեւ մը: Ռումանիան պէտք է հետեւի Եւրոպական խորհրդարանի, Եւրոպայի խորհուրդի եւ ԵՄ-ի երկիրներու մեծամասնութեան` ճանչնալով, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուած վայրագութիւնները կը համապատասխանեն Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի Պայմանադրութեան 2-րդ յօդուածի սահմանմանը»:

Բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ նախօրօք յայտարարութեամբ  հանդէս եկած էր նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատի պատգամաւոր, Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար ռումանահայոց միութեան փոխնախագահ Վարուժան Փամբուկչեան` նոյնպէս կոչ ընելով Ռումանիոյ խորհրդարանին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ռումանահայերը երախտագիտութիւն կը յայտնեն Գերմանիոյ սկզբունքային որոշման համար:

Պունտեսթակի բանաձեւին լայնօրէն կ’արձագանքեն նաեւ ռումանական լրատուամիջոցները, ներկայացնելով բանաձեւի ընդունումէն յետոյ Թուրքիոյ ջղաձիգ քայլերը եւ սպառնալիքները:

Scroll Up