Հալէպի Մէջ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Այսօր, Շաբաթ, 4 Յունիսին Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին հրթիռակոծել Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի բանջարեղէնի շուկան, Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ եւ Համտէնիէ շրջանները։ Ալ ֆըրքան շրջանին մէջ ուղեկորոյս փամփուշտներու հետեւանքով հրդեհ մը յառաջացաւ, իսկ Համտէնիէ շրջանին մէջ փուլ եկաւ շէնք մը։

Նշեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան 29 զոհ, 40 վիրաւոր։ Վիրաւորներուն մէջ էին 4 հայեր. Գաթրին Խաչոյեան, Լուսին Պարշիք, Նորա Սարգիս եւ Կարապետ Խաչոյեան։

Մարդկային կորուստներուն կողքին արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ, քանդուեցան բնակարաններ։

Scroll Up