Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած է Իր Երկիր
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն յետոյ բոլորին ուշադրութիւնը առաջին հերթին սեւեռուած է Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանին վրայ:
Թրքական Sozcu պարբերականին փոխանցած տեղեկութիւններով` Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աունի Քարսլըօղլուն, հաշուի առնելով նախորդ դէպքերը, արդէն սկսած է հաւաքել իրերը` սպասելով Անգարա վերադառնալու հրահանգին:
Կ՝ակնկալուի, որ Թուրքիան Գերմանիային պիտի արձագանգէ այնպէս, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած միւս երկիրներու պարագային: Այսինքն, ետ պիտի կանչէ դեսպանը, յետոյ ամիսներ անց դեսպանը պիտի վերադառնայ Պեռլին: Այս փաստին առիթով ներկայիս Թուրքիոյ մէջ հեգնանքով կ՝ըսեն, որ լաւ պիտի ըլլայ դեսպանը Անգարայի տոմսը ետդարձով գնէ: