ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Մայիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Արի տուն» ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարուած ընթացիկ աշխատանքները, կարեւոր համարուեցան համայնքներուն հետ աշխոյժ աշխատանքներու իրականացումը եւ նախարարութեան ծրագիրներուն անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը, քննարկուեցան յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնակի կարեւոր նկատեց ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումը եւ լուսաբանումը: Նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: Տրուեցան յանձնարարականներ: