Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Հովանաւորութեամբ ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին Հինգշաբթի, 21 Ապրիլ 2016-ին, «Գէորգ Եսայեան» հանդիսասրահի մուտքին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Ցուցահանդէսին ներկայ եղան Հալէպի հայկական վարժարաններու աշակերտներն ու «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունեցած ապրիլեան ձեռնարկներու բոլոր հանդիսականները:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացընէր Հայոց Ցեղասպանութեան հանգրուանները` հայ մտաւորականներու սպանդը, արեւմտահայոց տեղահանութիւնը, մշակութային ջարդը, եղեռնի եւ տեղահանութեան ենթարկուած նահանգներու տոկոսային քարտէզը, սուրիական անապատներէն Հալէպ եւ այլուր հասած Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու վիճակը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող երկիրներու ցանկն ու դրօշները:
ՍԵՄ-ականները պատրաստած էին նաեւ Ծիծեռնակաբերդ յուշակոթողի մանրակերտը, որուն մէջ զետեղած էին նահատակներու անմար յիշատակը խորհրդանշող ջահ մը:
24 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան Կեդրոնական ձեռնարկին առիթով, ցուցահանդէսին ներկայ եղան Հայ երեք համայնքապետները: ՍԵՄ-ականները բծախնդրօրէն ներկայացուցին տարուած աշխատանքն ու ցուցադրուած պատկերներուն մանրամասնութիւնները:
Նշենք թէ, ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան այցելուները դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող վաւերագրական տեսերիզներ:
Ցուցահանդէսին նպատակն էր նորահաս սերունդները հրաւիրել` յիշելու եւ պահանջելու խլուած պատմական մեր իրաւունքները: