Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի նիստը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/116.jpg)
Մայիս 5-ին ժամը 16:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):
Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ 2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող աշխատանքային ծրագիրները կը ներկայացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայը, ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան, «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական ՀԿ սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Լուսինէ Ստեփանեան:
Երեւանաբնակ սուրիահայերու սոցիալական աջակցութեան ծրագիրներու մասին զեկուցումով հանդէս պիտի գայ Երեւանի քաղաքապետարանի սոցապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան:
Պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցեր: