Երեւանի Մէջ Պիտի Իրականացուի Եւրասիական Տարածաշրջանային Տնտեսական Առաջին Ֆորումը

Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի, ԵԱՏՄ գործարար խորհուրդի եւ ՀՀ կառավարութեան աջակցութեամբ ս.թ. Հոկտեմբեր 12-15 Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպեն Եւրասիական տարածաշրջանային տնտեսական առաջին ֆորումը (ԵՏՏՖ): Ֆորումի խորագիրն է «Եւրասիական միութիւն. համագործակցութեան եւ գործարար հանրութեան համախմբման նոր հնարաւորութիւններ»:

Այն միջազգային տնտեսական համաժողով է, որուն նպատակը Հայաստանի, որպէս տարածաշրջանային կարեւոր հանգոյցի մէջ գտնուող երկրի տնտեսական զարգացման խթանելն է` արտերկրի խոշոր ընկերութիւններուն  կողմէ ներդրումային եւ տնտեսական ծրագիրներու կենսագործման միջոցով:

Ֆորումի հիմնական առաքելութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, ԱՊՀ, ՊՐԻՔՍ (БР�?КС), ՇՕՍ (ШОС), ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան երկիրներու գործարար միջավայրերուն միջեւ երկկողմ եւ բազմակողմ տնտեսական գործակցութեան համար տեղեկատուական-քննարկում հարթակի ձեւաւորումն է:

Ֆորումի աշխատանքներուն մէջ կը ներգրաւուին պետական եւ մասնաւոր ընկերութիւններու, ներառեալ` փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներ, ներդրողներ, ֆինանսական կառոյցներ, փորձագէտներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, պետական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Ֆորումին բարձր մակարդակով պիտի մասնակցին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու` Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Ղըրղզստանի, Հայաստանի պետական եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Հրաւիրուած են գործարարներ Չինաստանէն, Հարաւային Քորէայէն, Ճափոնէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Եւրոմիութեան երկիրներէն` Ֆրանսայէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն եւ այլ երկիրներէ:

Երկօրեայ տնտեսական համաժողովին կը նախատեսուին լիագումար նիստերու, ինչպէս նաեւ հատուածական աշխատանքներու եւ կլոր սեղաններու իրականացում հետեւեալ հիմնական ուղղութիւններով:

. ԷԱՏՄ. գործարար հանրոյթներու երկկողմ եւ բազմակողմ գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ,

. Մաքսային-սակագնային եւ ոչ սակագնային կարգաւորումները եւ ներքին շուկայի պաշտպանութիւնը ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու գործարար միջավայրերու գրաւչութեան ծիրէն ներս,

. Տեխնիկական կարգաւորումները, առողջապահական, բուսամակաբուծային եւ անասնաբուժական ձեռնարկները ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու գործարար  միջավայրերու գրաւչութեան ծիրէն ներս,

. «Մետաքսի ճանապարհ». փոխադրութեան հանգոյցներ,

. Ուժանիւթի եւ ուժանիւթի ամբողջացում,

. Գիտատար եւ նորարարական տեխնոլոգիաներ,

. Հայաստան. զարգացման ռազմավարութիւն եւ նորարարական հնարաւորութիւններ,

. Հայաստան. բերքառատ դրախտ:

Համաժողովը կ’իրականացուի Multi Grand Hotel հիւրանոցային համալիրին մէջ (5+ աստղ, հասցէ` Երեւան-Աբովեան խճուղի N5, www.multigrandhotel.com):

Օտարերկրեայ մասնակիցներուն համար սահմանուած է մասնակցութեան վճար 500 ԱՄՆ տոլարի չափով, որ կը ներառէ Ֆորումի պաշտօնական փաստաթուղթերը, կրծքանշանը, ծրագիրը, մասնակցութիւնը բոլոր լիագումար նիստերուն, հատուածական աշխատանքներուն եւ կլոր սեղաններուն, մասնակիցի վկայագիրը, պաշտօնական ընդունելութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջագայութիւնները եւ օդակայանէն /օդակայան/ ուղեկցումը:

Ֆորումի ամբողջ ընթացքին կ’ապահովուի ձեռնարկի տեղեկատուական լուսաբանումը ինչպէս տեղական, այնպէս ալ միջազգային հեղինակաւոր լրատուական գործակալութիւններու կողմէ:

Կը գործէ Ֆորումի պաշտօնական կայքը http://armcongress.am/main/page/forum, ուր ծրագրաշարէն բացի կը տեղադրուին նորութիւններ, յայտարարութիւններ, ինչպէս նաեւ հաւանական  ներդրողներու եւ գործարարներու համար անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն:

Scroll Up