Ապրիլ 24-ի Առիթով Համահաւաք Թեհրանի Մէջ. լուսանկարներ

Ապրիլ 24-ի առիթով, Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին  մէջ կազմակերպուած էր բազմահազարանոց համահաւաք, ուր թեհրանահայութիւնը եկած էր իր բողոքի ձայնը միախառնելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու, Ջաւախքի ու Արեւմտահայութեան եւ ողջ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ձայնին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Թեհրանի «Արաքս» շաբաթաթերթը:

Ան եկած էր միահամուռ կոչելու` որ այսօր հայ ժողովուրդը կրկին անգամ, աշխարհի մեղաւոր աչքերուն դիմաց, եւ անգամ բարեկամ խաղցող պետութիւններու մեղսակից ձեռքերու ներքոյ, մահ ու կենաց պատերազմ կը մղէ նոյն հին թշնամիներուն դիմաց, անոնց որոնք երէկ մեր նախնիները մորթեցին Վանի, Անիի ու Մուշի, Զէյթունի ու մինչեւ Տէր Զօրի անապատին մէջ, իսկ այսօր նոյն վայրենի թաթը իր հին գործը կը ցանկայ  շարունակել Հայոց Արցախին մէջ… սակայն մեր թշնամիներն ու հակառակորդը չեն յաջողիր, մենք ազգովի թոյլ չենք տար նման բան, քանզի մեզ համար Արցախը լոկ տարածք չէ, այլ ժողովուրդ է…  ժողովուրդ որ հազարաւոր տարի բնակած ու կերտած է քաղաքակրթութիւն… ամէն մէկ քարի վրայ ձգելով փորագրութիւն…

ԹեհրանԱրաքս Արաքս1Արաքս2 Արաքս3 Արաքս4

Scroll Up