Մեր Միութիւնը մի՛շտ եւ ամենուր գործած է համահայկական ոգիով.Պերճ Սեդրակեան

Ազնուափայլ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի

Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութիւն

Յարգելի Տիկին Յակոբեան,

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ եւ անձամբ իմ անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հ.Բ.Ը.Մ.ի 110րդ տարեդարձին առիթով մեզի յղած ձեր շնորհաւորական գիրին ու մեր կազմակերպութեան համահայկական դերակատարութիւնը արժեւորող ձեր հաստատումներուն համար:

Միութեան հիմնադրութեան տարեդարձը մենք կը նշենք ազգային ծառայութեան նոր տեսլականի ու անկէ բխող ընդլայնուած առաքելութեան մը ստանձնումին վճռակամութեամբ, որով ոչ միայն պիտի պահպանենք մեր գործունէութեանց աւանդական ուղղութիւնները, այլ նաեւ նոր ծրագիրներու որդեգրումով պիտի շարունակենք մեր նպաստը բերել ազգի բարօրութեան ու Հայաստանի զօրացումին:

Ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, մեր Միութիւնը մի՛շտ եւ ամենուր գործած է համահայկական ոգիով, հայութեան բիւր կարիքներուն անմիջապէս հասնելու յանձնառութեամբ: Հիմա, առաւել քան երբեք, երբ տագնապալի կացութեան մէջ է Միջին Արեւելքի հայութիւնը, երբ սուրիահայութիւնը կեանքի ու գոյութեան կռիւ կը մղէ, երբ Արցախը հերոսաբար կը պատերազմի նախայարձակ Ատրպէյճանի դէմ, մենք խորապէս գիտակից ենք այդ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համազգային գործին մեր ծանրակշիռ մասնակցութիւնը բերելու անհրաժեշտութեան:

Մեր ամբողջական նեցուկն ու զինակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի ու Արցախի պետական թէ ռազմական կառոյցներուն, կը վստահեցնենք թէ «Միութիւնը Զօրութիւն» է մեր նշանաբանին հաւատարիմ, համախումբ ու յանձնառու ոգիով, ջանք ու եռանդ պիտի չխնայենք զօրաշարժի ենթարկելու արտաշխարհի հայութիւնը՝ լծուելու համար Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու զարգացումին նպաստող աշխատանքներուն:

Քառօրեայ պատերազմի օրերուն ու շարունակուող լարուած իրադրութեան այս պահուն, ազգային մեր բանակի քաջարի զինուորներուն ցուցաբերած հերոսականութիւնը, ինչպէս նաեւ համազգային համախմբումի ոգին մեզ կը մղեն հաստատակամութեամբ ու անշեղ ոգիով շարունակելու մեր պատմական առաքելութիւնը:

Կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորական գիրին համար, ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն ու անսպառ եռանդ:

Յարգանքներով,

 Պերճ Սեդրակեան

Scroll Up