«Ձեր Սխրանքը Անգնահատելի Է Եւ Անանուն». Սամուէլ Կարապետեան, Արսէն Դանիէլեան

Թէ՛ խաղաղ տարիներուն եւ թէ՛ առաւել եւս մեր ժողովուրդին համար օրհասական պահերուն մշտապէս կարեւոր համարուած է ու կը համարուի միասնականութիւնը, համախմբուիլը ազգանուէր եւ ազգանպաստ` կեանքի կոչուող գաղափարներու շուրջ: Եւ, փառք Աստուծոյ, եթէ ոչ խաղաղ պայմանններու մէջ, ապա աղէտներու, պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ գոնէ մենք կրնանք զօրավիգ ըլլալ մէկս միւսին, աւելին` դառնալ մէկ ազգ, բռունցքուիլ` ի հեճուկս մեր թշնամեաց:
Ապրիլի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ ազերիներու կողմէ սկսած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով մենք զոհեր ունեցանք խաղաղ բնակչութեան եւ հայ դիրքապահներու շրջանին մէջ: Արցախի սահմանները անառիկ պահելով` շատերը զոհուեցան, մէկ մասը ստացաւ միջին եւ ծանր բնոյթի տարբեր տեսակի հրազէնային վիրաւորումներ: Ներկայիս վիրաւորները կը շարունակեն բուժում ստանալ Ստեփանակերտի, Երեւանի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի շատ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ` անհատներ, իրենց բարոյական, նիւթական աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն աւերուած գիւղերու, տուներու, ճանապարհներու վերականգնման աշխատանքներուն, զոհուածներու ընտանիքներուն ու վիրաւոր զինուորներուն: Այդպիսի նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած են Տոնի Ռոստով բնակող ԵԿՄ կառոյցի անդամներ Սամուէլ Կարապետեանն ու Արսէն Դանիէլեանը:
Նախաձեռնութեան հեղինակներու եւ Տոնի Ռոստովի հայութեան կողմէ ուղարկուած գումարը զինուորներուն բաշխելու լիազօրութիւնն ու առաքելութիւնը իրականացուցին դեռեւս անցեալ տարի Տոնի Ռոստովի մէջ համերգներով հանդէս եկած վաստակաշատ եւ սիրուած երգչուհի Անահիտ Սահակեան ու նոյն ժամանակահատուածին մէջ Տոնի Ռոստովի թատերական ներկայացումներու նախպատրաստական աշխատանքներ իրականացուցած դերասանուհի Արեւիկ Օրբէլեան:
Զինուորներուն եւ անոնց խնամող ծնողներուն փոխանցելով բարերարներու ֆինանսական խորհրդանշական աջակցութիւնը` Անահիտ Սահակեան փոխանցեց նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի, Արսէն Դանիէլեանի եւ Տոնի Ռոստովի հայութեան շնորհակալութիւնը մեր դիրքապահ արծիւներուն, մեր հերոս տղաներուն:
«Այն, ինչ ըրիք դուք` 19-20 տարեկաններդ, մեր քաջարի զինծառայողներն ու մարտական փառաւոր ուղի անցած նախկին ազատամարտիկները, որեւէ բառով հնարաւոր չէ ամբողջացնել ու ամփոփել. ատիկա անանուն ու անգնահատելի սխրանք է», – իրենց շնորհակալական ուղերձին մէջ ըսած են մեր հայրենակիցներն ու վստահեցուցած, որ իրենց բարեգործութիւնը շարունակական ընթացք պիտի ունենայ:
Կարինէ Աւագեան