Նազիկ Աւդալեան` Եւրոպայի Ախոյեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/66_9149.thumb_.jpg)
Նորվեկիոյ մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան ծիրէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչ Նազիկ Աւդալեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը եւ իր յաղթանակը նուիրեց Արցախի մէջ կռուող բոլոր զինուորներուն:
69 քկ քաշայիններու պայքարին Աւդալեան երկամարտին հաւաքեց 237 քկ եւ 1 քկ գերազանցեց արծաթէ մետալակիրին:
«Յաղթանակս նուիրում եմ Ղարաբաղում կռուող բոլոր տղերքին: Մենք ձեզնով ենք ուժեղ…»,-ախոյեան հռչակուելէ ետք ըսած է Նազիկ Աւդալեան: