Կրօնական Արարողութիւն Եւ Զօրակցական Հաւաք Թեհրանի Հայոց Եկեղեցիներէն Ներս
Ապրիլ 8-ին Թեհրանի առաջնորդանիստ Ս.Սարգիս, Ս.Թարգմանչաց, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս.Վարդանանց եւ Ս.Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան պատարագէն յետոյ տեղի ունեցած է հոգեհանգիստի յատուկ արարողութիւն` ատրպէյճանական յարձակումներուն արդիւնքով Արցախի մէջ ինկած զինուորներուն եւ խաղաղ բնակիչներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը ներկայ գտնուած են Ս.Թարգմանչաց եւ Ս.Սարգիս եկեղեցիներուն մէջ կայացած արարողութիւններուն:
Ս.Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ ՀՀ դեսպանը հանդիպած է իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, խօսուած է ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տիրող վիճակին եւ Արցախին Իրանի հայ համայնքի աջակցութեան հարցերուն մասին:
Իրանահայ համայնքը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին այս դժուար պահուն: Եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններուն զուգահեռ տեղի ունեցած են ստորագրահաւաք եւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւն ժողովուրդին կողմէ, որ դեռ կը շարունակուի, կը գրէ Արցախփրէսը: