Թո՛ղ Որ Հայ Մայրերը Այլեւս Չսգան Իրենց Զինուոր-Որդիներուն Մահը. Սփիւռքահայ Կին-Գործիչներ
Ապրիլ 7-ը Աստուածամօր յայտնութեան օրն է` Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը:
«Հայերն այսօրի» զրուցակիցները Սփիւռքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող կին– ղեկավարներն են: Անոնք պատմած են Սփիւռքի մէջ հայ կնոջ կերպարի, աշխատանքի ընթացքին հանդիպող մարտահրաւէրներուն մասին, ինչպէս նաեւ այս դժուար օրերուն իրենց սրտի խօսքն ու զօրակցութիւնը յայտնած մեր սիրասուն, աստուածային մայրերուն:
Սուետա Աբրահամեան. (Նիտեռլանտներու թագաւորութեան Նայմեխէն քաղաքի «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ»կազմակերպութեան նախագահ )
Արդէն 18 տարի ապրելով Սփիւռքի մէջ` բազմիցս մտածած եմ, թէ որպէս կին` որն է իմ դերս Հոլանտայի մէջ, ի հարկէ, բացի օտար երկրի մէջ ընտանիքիս հետ նոր կեանք կառուցելը, օտար մշակոյթ ու բարքեր ունեցող մարդոց հետ կողք-կողքի ապրելու դժուարութիւնները յաղթահարելը: Հայրենիքի մէջ չենք ալ մտածեր օտարանալու եւ ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգի մասին: Սփիւռքի մէջ բոլորովին այլ են հանգամանքները: Այս թեման դեռեւս հեռու անցեալին ալ անհանգստացուցած ու յուզած է իմ շատ հայրենակիցներու: Մեծ է հայ կնոջ, մօր դերը Սփիւռքի մէջ, իր ընտանիքին հաւատքը, մայրենին, հայկական աւանդութիւնները, մշակոյթն ու սովորութիւնները պահպանելու գործին մէջ` առաջինը ինքն իր մէջ կրելով այդ ամէնը: Ցաւօք, ոչ բոլորը կը հետեւին այդ արժէքներուն ու սկզբունքներուն: Կը կարծեմ` սա համահայկական խնդիր է: Նոր սերունդը աստիճանաբար կը հեռանայ իր ազգային արմատներէն, ստիպուած կ’ըլլայ ապրելու օտար հասարակութեան մէջ` անկախ ծնողէն ու իր կամքէն դառնալով այդ հասարակութեան անդամ: Այստեղ է, որ համայնքային կառոյցները կ’անցնին «գործի»:
Այդ կառոյցները կը ստեղծեն մեր այն հայրենակիցները, որոնք մտահոգուած են այդ խնդիրով` իրենց շուրջ հաւաքելով երիտասարդ ու մատաղ սերունդը: Ես եւս զբաղուած եմ հայապահպանութեան գործերով: 15 տարի առաջ աղջկաս հետ ստեղծեցի փոքրիկ համայնք մը ու մէկօրեայ դպրոց: Հեշտ չէ օտար երկրի մէջ գործունէութեան համար համապատասխան տարածք ունենալ, բայց մենք այդ հարցը լուծած ենք հէնց առաջին օրուընէ: Մտքովս չէ անցած, որ որպէս կին-ղեկավարներ` կրնանք դժուարութիւն ունենալ, պարզապէս սկսած ենք աշխատիլ` թիկունքին ունենալով մեր ամուսինները: Նոյն դժուարութիւնը կ’ունենան նաեւ տղամարդիկ: Հոլնատայի միւս համայնքներու տղամարդ-ղեկավարներուն կողմէ մեծ յարգանք ու խոնարհում կը զգամ: Հաւատացած եմ, որ կնոջ դերը շատ աւելին է, կինը ունակ է ու կրնայ աւելին ընել, քան որ կը սպասեն իրմէ: Ինծի` իմ գործունէութեանս մէջ կ’ոգեշնչէ միայն ու միայն սէրը իմ հայրենիքիս, նախնիներուս, ընտանիքիս ու հայրենակիցներուս նկատմամբ:
Կրնայ ըլլալ հարցնեն` ինչու՞ իմ երկրիս մէջ չեմ ապրիր: Այդ հարցը ես ինծի յաճախ կու տամ տամ: Երկրային կեանքին մէջ իւրաքանչիւր մարդ առաքելութիւն ունի. իմ առաքելութիւնս ալ, անկասկած, այն է, ինչով զբաղուած եմ Սփիւռքի մէջ: Այն կը յաջողի անսպառ համբերատարութեան, սկզբունքային ու կամային յատկութիւններու շնորհիւ: Կը կարծեմ այս յատկանիշները ոչ միայն կին, այլ նաեւ տղամարդ-ղեկավարի յաջողութեան գրաւականն է: Մեծ յարգանքով ու ուշադրութեամբ վերաբերելով բոլոր անոնց, որոնց հետ կը ծանօթանաս, կ’աշխատիս եւ կը համագործակցիս, անկախ անոնց սեռէն, շատ դիւրին կը դառնայ:
Եւ վերջաւորութեան շատ կարեւոր բան մը. այսօր` Ապրիլ 7-ին կը նշենք Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը: Դժուար է խօսիլ… Կը ցաւակցիմ այն զինուորներու մայրերուն, որոնց որդիները անմահացան վերջին օրերուն:
Մաղթանքս է բոլոր հայ մայրերուն, որ երջանկութիւնն ու սէրը ապրի բոլորի սրտերուն մէջ, ալ աւելի մեծ նուիրումով կատարեն ընտանիքի բարօրութեան բոլոր աշխատանքները, ծառայեն հայրենիքի զարթօնքին ու յառաջընթացին:
Կը խոնարհիմ մերօրեայ հերոսներ ծնող մայրերուն առջեւ:
Օֆելեայ Ծատուրեան (ԱՄՆ Կլենտէլ քաղաքի «Դաւթեան եւ մարիամեան» կրթական հաստատութեան տնօրէն).
Հայ կնոջ դերն ու կարեւորութիւնը միշտ ալ արժեւորուած է մեր իրականութեան մէջ: ԱՄՆ-ի մէջ քիչ մը տարբեր կ’ընկալուի կնոջ դերն ու զբաղուածութիւնը ղեկավար պաշտօններու մէջ: Սակայն, միեւնոյնն է, հայ կինը, ուր ալ ըլլայ, միշտ կը մնայ բարձունքի վրայ` իր հայու տաղանդի եւ կազմակերպուած ըլլալու շնորհիւ:
Հայ կինը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, միշտ ալ հաւատարմօրէն կանգնած է իր ընտանիքի կողքին, ցանկացած հարցով սատար կը կանգնի իր ամուսնուն:
Բան մը կրնամ վստահ ըսել, ընտանիքի ամրութիւնն ու խաղաղութիւնը միմիայն կնոջ ձեռքերուն մէջ է: Դժուարութիւններ միշտ ալ կան, միայն ատոնք համբերութեամբ յաղթահարել պէտք է: Սփիւռքի մէջ յատկապէս մեծ է կնոջ դերը երեխաներու դաստիարակութեան հարցին մէջ: Մենք ամէն ջանք կը գործադրենք, որ այստեղ մեր երեխաներուն ճիշդ ուղիի վրայ կանգնեցնենք, անոնց հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցենք եւ հայկական աւանդոյթներուն ծանօթացնենք:
Որքան նկատած եմ Սփիւռքի մէջ կին ղեկավարները երբեք խնդրի առջեւ չեն կանգնած, հասարակութեան կողմէ միշտ ալ սիրուած, յարգուած եղած են եւ արժանապատուօրէն կատարած իրենց վստահուած աշխատանքը: Իմ աշխատանքային ոլորտին մէջ յատկապէս մեծ է կնոջ դերը. աշխատակազմս հիմնականին մէջ կանայք են, եւ անոնց հետ հեշտ «լեզու կը գտնեմ»: Այս տարիներուն ընթացքին շատ կին գործիչներու հետ ծանօթացած եմ, որոնք ինծի համար իրենց աշխատանքով եւ կերպարով օրինակ ծառայած են: Անոնցմէ մէկն ալ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն է, որմէ շատ բան սորված եմ:
Աշխատանքիս մէջ կը փորձեմ պարտաճանաչութիւն, անկեղծութիւն եւ ճշմարտախօսութիւն ցուցաբերել, իսկ աշխատակիցներուս հետ ջերմ յարաբերութիւններ պահպանել: Կը կարծեմ` խստութիւնն ու պահանջկոտութիւնը անհրաժեշտ պայմաններ են, սակայն միաժամանակ աշխատավայրի մէջ քնքշութիւն եւ բարութիւն տարածելը նոյնպէս կարեւոր են:
Մէկամսեակի այս շրջանը շատ քիչ է, որ շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր յղենք մեր սիրելի հայ կանանց: Այն հայ կանանց, որոնք անձնուիրաբար կը պայքարին իրենց ընտանիքներու բարօրութեան, զաւակներուն բարեկեցիկ կեանք պարգեւելու համար: Կը խոնարհիմ հերոս ծնող բոլոր մայրերուն առջեւ եւ անոնց համբերութիւն կը մաղթեմ` յատկապէս այս օրերուն, երբ կը սասանին մեր սահմաները:
Շատ կ’ուզեմ, որ մեր կանանց, մեր մայրերու աչքերուն մէջ միշտ ժպիտ եւ ուրախութիւն ըլլայ: Եւ եթէ յանկարծ անոնց աչքերը արցունքոտին, թող որ միայն երջանկութեան արցունքներ ըլլան ատոնք: Հոգիիս ամենամեծ մաղթանքն է, որ հայ մայրերը այլեւս չսգան իրենց զինուոր-որդիներուն մահը: Խաղաղութիւն Ձեր օճախներուն, սիրելի՛ մայրեր:
Գէորգ Չիչեան