Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները. Սմբատ Տէրունեան

Սմբատ Տէվլեթեան ծնած է Յունաստանի Լիզպոս կղզին 1923ին, Թուրքիայէն գաղթած ու հոն ապաստանած ծնողներէ։ Նախնական ուսումը մինչեւ չորրորդ դասարան ստացած է Գաւալա քաղաքի յունական վարժարանի մէջ։ Այնուհետեւ հինգերորդ եւ չորրորդ դասարաններուն համար յաճախած է Գաւալայի Ազգային վարժարանը ու յետոյ մեկնած` Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, զոր աւարտած է 1942ին։
Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Անգլիոյ մէջ։ Փաստաբանական յատուկ Council of Legal Education-ի բոլոր քննութիւնները անցընելէ ետք, ստացած է Barrister-at-Law-ի տիտղոսը։ Անկէ անջատ, աւարտած է նաեւ Լոնտոնի Համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը։
Ասպարէզով փաստաբան է ու կը բնակի Կիպրոս, ուր 1956էն ի վեր կը կիրարկէ իր մասնագիտութիւնը։ Անձնական հետաքրքրութեամբ, սակայն գրող է։ Փաստաբանութիւնը ընտրած է որպէսզի նիւթապէս անկախ դառնայ անհատական գետնի վրայ, իսկ համայնքային-ազգային կամ այլ աշխատանքներու կապակցութեամբ ունի իր անկախ դիրքաւորումը մի´շտ ընթանալով ռամկավար ազատական մտածողութեամբ եւ ուղեգիծով։
Գործօն բաժին ստանձնած է կիպրահայ համայնքի կեանքին բոլոր երեսներուն մէջ մինչեւ 1986 թուականը։ Այդ իմաստով եղած է նաեւ Կիպրահայ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան ատենապետ շուրջ տասնամեակ մը։ Իսկ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հոգաբարձութեան անդամ եղած է մօտ 25 տարի շարունակաբար մինչեւ 1986։
Որպէս հրաւիրեալ` մասնակցած է Հայաստանի Գրողներու Բ. եւ Ը. համագումարներուն, Երեւան։
Ամուր կերպով պահած է հայրենասիրական ուղին կղզիէն ներս, Խորհրդային Հայաստանի բովանդակ տարիներուն։ Ղեկավարներէն եղած է Նիկոսիոյ ՌԱԿ Վահան Թէքէեան Ակումբին։
Տէրունեան գրչանունով ծանօթ Սմբատը հրատարակած է հետեւեալ գործերը` «Մինչեւ վերադարձ» (Կիպրո, 1946), «Լսէ´ տղաս» (Կիպրոս, 1948), «Յամեցող այգաբաց» (Պէյրութ, 1959), Ճառագայթ ու մշուշ» (Պէյրութ, 1968)- «Տարագիր տաղեր» (Երեւան, 1981) եւ նոյնը` (Պէյրութ, 1996)։
Աշխատակցած է ռամկավար ազատական մամուլին եւ յատկապէս` «Զարթօնք»ին ու «Շիրակ» գրական հանդէսին։
Ամուսնացած է 1942ին Թագուհի Պչաքճեանի հետ (1924-Օգոստոս 13, 2013) դարձեալ մելգոնեանցի ու հայրը` ՌԱԿի ղեկավարներէն` Ասատուր Տէվլեթեանի, ան եւս մելգոնեանցի։ Թագուհին եղած է ուսուցիչ եւ Կիպրոսի Արենուշական շարժումի վարիչներէն օգտակար ըլլալով Մելգոնեանի արենուշական խումբին։ Թագուհի 2007ին հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը` «Ողջոյն կեանք»։
Կը մահանայ յառաջացած տարիքին, Նիկոսիոյ մէջ Մարտ 24, 2016ին:
Յակոբ Վարդիվառեան