Նախագահը Մասաչուսէթս Նահանգին ՄԷջ Այցելած Է Հին Հիւսիսային Եկեղեցի Եւ «Հայկական Ժառանգութեան Պուրակ»

Աշխատանքային այցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մասաչուսէթս նահանգին մէջ կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ այս նահանգին մէջ զգալի դերակատարութիւն եւ կշիռ ունեցող տեղի հայկական կառոյցներու, համայնքային գործիչներու, ինչպէս նաեւ իրենց հայանպաստ գործունէութեամբ աչքի ինկած նահանգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ու հայ ժողովուրդի այլ բարեկամներու հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
ՀՀ Նախագահը Մարտ 29-ին այցելած է Պոսթընի Հին հիւսիսային եկեղեցի: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ.Ստեֆան Այէրսի եւ հայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ մատուցուած է Սուրբ պատարագ: Հէնց այս եպիսկոպոսական եկեղեցին էր առաջինը, որ դեռեւս 18-րդ դարուն ԱՄՆ ներգաղթող հայերուն հնարաւորութիւն տուած է Պատարագ մատուցել իր պատերէն ներս: Պոսթընի հիւսիսային մասին մէջ 1723թ. կառուցուած եկեղեցին կը համարուի քաղաքի ամենահին եկեղեցական շէնքը: ՀՀ Նախագահի այցը Ամերիկեան յեղափոխութեան վրայ նշանակալից ազդեցութիւն ունեցած հռչակաւոր Հին հիւսիսային եկեղեցի նպատակ ունի յարգանքի տուրք մատուցել ԱՄՆ-ի անկախութեան խորհրդանիշներէն մէկուն եւ գնահատել հայերու նկատմամբ այս եկեղեցւոյ եւ, առհասարակ, անգլիկան եկեղեցւոյ բարեացկամ վերաբերմունքը:
Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելած է «Հայկական ժառանգութեան պուրակ», որ հիմնուած է ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւած այլ ցեղասպանութիւններու զոհերուն, ինչպէս նաեւ ի փառաբանումն Մասաչուսէթսի եւ Պոսթընի մէջ ապաստանած ամերիկահայերուն եւ այլ ներգաղթեալ համայնքներու մեծ ներդրման: Հանրապետութեան Նախագահը պուրակի հիմնման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած Մասաչուսէթսի նախկին նահանգապետ Փաթրիկ Տեւալի, Պոսթընի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Մասաչուսէթսի կոմիտէի համանախագահ ՃԷյմս Գալուստեանի, պուրակի կառուցումը իրականացուցած «Հայոց ժառանգութիւն» հիմնադրամի գործադիր կոմիտէի անդամ, Միտլսեքս շրջանի շէրիֆ Փիթր Քութուճեանի, հիմնադրամի այլ անդամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ շրջայց կատարած է քաղաքային զբօսայգիին մէջ, ուր կը գտնուի «Հայկական ժառանգութեան պուրակը», այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` ծաղկեպսակ տեղադրած եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Շրջայցի աւարտին ՀՀ Նախագահը նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է Հոլոքոստի յուշարձանին մօտ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցի ծրագիրով Մարտ 29-ին նախատեսուած են շարք մը այլ հանդիպումներ: