Նիւ Եորքի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սումկայիթի Ջարդերու 28-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Արարողութիւն

Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Սումկայիթի ջարդերու 28-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը  տեղեկանայ «Հայրենիք» պարբերականէն:

Այն կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր Պրուքլինի Հայ Աւետարանչական հովուութեան` յանձինս Մարինա Պաղտասարովայի եւ Անմիջական Օգնութիւն հայ ժողովուրդին կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Սուետլանա Ամիրխանեանի կողմէ:

Սուրբ Վարդան մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագէն յետոյ հարիւրէ աւելի մարդիկ, հիմնականին մէջ Ատրպէյճանէն բռնագաղթուածներ, հաւաքուած են եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ` մասնակցելու յիշատակի երեկոյին` ուղեկցուած տխուր յիշողութիւններով, ասմունքով եւ երգերով:

«Մենք երբեք չենք մոռնար, մենք երբեք չենք ներեր: Ցեղասպանութիւնները եւ զանգուածային սպանութիւնները պէտք չէ մոռցուին: Մենք պէտք է ճանաչման հասնինք, արդարութեան, մեղաւորները պէտք է պատժուին: Մեր յոյսը ու ապագայի պատգամն է, որպէսզի կանխենք նմանօրինակ վայրագութիւնները եւ որ մեր սերունդները խաղաղ ապրին»,-երեկոյի ընթացքին ըսած է Պաղտասարովան:

Սուետլանա Ամիրխանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ թէեւ չէ եղած Սումկայիթի  եւ Պաքուի մէջ , բայց ցաւը կարծես իր մաշկին վրայ կը զգայ: «Ատրպէյճանցիներու իրականացուցած ջարդերէն յետոյ Ամերիկայի մէջ հաստատուեցան բազմաթիւ փախստականներ, որոնց համար հայկական դպրոց բացուեցաւ: Մեր նպատակն է, որպէսզի դպրոցը շարունակէ գործել, որպէսզի մեր լեզուն, մշակոյթը չկորսուի: Մենք քիչ ենք, սակայն հզօր ենք եւ միշտ պիտի ըլլանք»,-իր խօսքը եզրափակած է Ամիրխանեան:

Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Մամիկոն Քիլեճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած է կազմակերպիչներուն:

Երեկոն եզրափակուած է Սումկայիթի նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար հնչած աղօթքով եւ «Հայր մեր»ով:

Scroll Up