ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհակալական նամակը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 Վեհափա՛ռ Տէր,

 Հայրենիք վերադարձայ հպարտութեան աննկարագրելի զգացումով, անոր համար հաւատքով խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ձեզի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Միջին Արեւելքի երկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողովը Ձեր բարձր հովանիի ներքոյ կազմակերպելու համար:

Ձեր օրհնութեամբ ու առաջնորդութեամբ իրականացուած բազմաբնոյթ ձեռնարկները նոր հնչեղութիւն ու բովանդակային որակ հաղորդեցին ողջ աշհարհի մէջ իրականացուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն:

2015-ը եզակի նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի անցած պատմական ուղին վերարժեւորելու եւ վերամիաւորելու առումով։ Մենք ոգեկոչեցինք պետականօրէն մշակուած ծրագիրով սանձազերծուած եւ իր ծաւալով, հրէշաւորութեամբ ու հետեւանքներու ծանրութեամբ ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ համաշխարհային պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող ոճրագործութեան 100-րդ տարելիցը։

Հայ ժողովուրդը խոնարհումով կատարեց իր բարոյական պարտքը «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նահատակուած  մեր բիւրաւոր անմեղ զոհերուն առջեւ, որոնք սրբադասուեցան երկու կաթողիկոսներու ձեռամբ։

2015-ը ոչ միայն համազգային ու համամարդկային սգոյ, այլեւ հայ ժողովուրդի ապրելու, վերածնունդի, համահայկական մտածողութեան ձեւաւորման տարի էր: 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներն ու ոգեկոչման արարողութիւնները ամբողջ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ մեզի հնարաւորութիւն տուին՝ ի ցոյց դնել մեր միասնականութիւնն ու Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցով ոչ միայն չընկրկելու, այլեւ յաջորդ սերունդներուն առջեւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան վերականգնման, զարգացման, յառաջընթացի եւ արարելու լայն հորիզոններ բանալու հաստատակամութիւնը:

Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ժողովուրդը, ի հեճուկս աշխարհի երեսէն զինք ջնջելու գերնպատակ ունեցող դահիճներուն, կրցաւ ոտքի կանգնելու ուժ դրսեւորել եւ վերընձիւղուիլ Հայրենիքի ու սփիւռքեան համայնքներու մէջ, վերակերտել իր պետականութիւնը, ստեղծել երկու հայկական հանրապետութիւն, ամուր ու յուսալի ազգային կառոյցներ, վառ պահել հոգեւոր եւ ազգային կեանքը:

100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններէն եւ Ձեր գահակալութեան տարիներու յիշարժան գործերէն մէկն է Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բացումը, իսկ ամենացայտուն իրադարձութիւնը՝ Սիսի կաթողիկոսութեան դատը, որ ամենամնայուն գործերէն է եւ պահանջատիրութեան վառ դրսեւորումը։ Սիսի կաթողիկոսութեան պատմական կալուածի վերադարձի ծիրէն ներս՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի մէջ բացուած գործընթացը պատմական եզակի կարեւորութիւն ունեցաւ: Վերջին մէկդարեայ ցաւալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեր եկեղեցին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջոցով դիմեց իրաւական քայլի եւ հիմքեր ստեղծեց հատուցման արդարացի պահանջի:

100-ամեայ մաքառումի դարաշրջանի ամփոփումով մենք կը թեւակոխենք վերազարթօնքի ու վերածնունդի նոր հարիւրամեակ, ուր մեր հաստատակամութեամբ, անյողդողդ գործելաոճով, ազգային համախմբուածութեամբ ու անմնացորդ նուիրումով պիտի շարունակենք մեր երթը` յանուն Մայր հայրենիքի հզօրացման, Արցախեան հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, Հայ դատի ու հայ պահանջատիրութեան յաղթանակի, կազմակերպուած Սփիւռքի բարօրութեան եւ յատկապէս սուրիահայ մայր համայնքի վերականգնման:

Դուք համաժողովի ընթացքին ոչ միայն գնահատեցիք կատարուածը այլ ուղենշեցիք ապագայ ընելիքները, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի դերակատարութեան բաժանումները։ Բոլորովին նոր լոյսի տակ դրիք Հայ Դատը, անոր աւանդական առաքելութենէն բացի զայն տեղափոխեցիք հայրենիքի հզօրացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նոր հանգրուան։ Վստահ եմ, որ Ձեր բարձր հովանաւորութեան տակ գտնուող Սփիւռքի բոլոր համայնքները մեծ ոգեւորութեամբ պիտի նշեն նաեւ ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 25 ամեակները եւ շարունակեն մեծ եռանդով գործել՝ յանուն անկախ Հայրենիքի հզօրացման, յանուն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման:

Կրկին շնորհակալութիւն, որ նոր թափ ու նոր լիցք հաղորդեցիք իրականացուած ձեռնարկներուն։

Օգտուելով առիթէն կանխայայտ շնորհաւորանքներս կը յայտնեմ Ձեզի՝ Ձեր մուտալուտ ծննդեան տարեդարձի առիթով՝ մաղթելով յարատեւ ուժ եւ կորով Ձեր բեղուն գործունէութիւնը շարունակելու համար։

 ՄԱՏՉԻՄ Ի ՀԱՄԲՈՅՐ ՍՈՒՐԲ ԱՋՈՅԴ

ԽՈՐԻՆ ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՄԲ`

 ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Scroll Up